Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը՝ ծովային միջազգային քրիստոնէական ընկերութեան:

Միջազգային ծովային ընկերակցութեան հիմնադրութեան 50-րդ ամեակի առիթով ֆրանչիսկոս Պապ երկուշաբթի, 21 հոկտեմբերին պատգամով մը ողջոյնեց կազմակերպութեան բոլոր անդամները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

11-25 հոկտեմբերին, Թայուանի մէջ կը գումարուի  ծովային համաշխարհային  քրիստոնէական ընկերակցութեան 11-րդ համագումարը, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 50-րդ ամեակի առթիւ:  Համագումարին այս տարուան նիւթն է «50 տարի միասնական աշխատանք՝ ծովայիններուն, ձկնորսներուն եւ ընտանիքներուն ի սպաս»:

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք վերոնշեալ միջազգային ընկերակցութիւնը անշահաւէտ կազմակերպութիւն է, որ աշխատանք կը տանի համայն աշխարհի մէջ ծովայիններուն բարեկեցութեան ի խնդիր: Կազմակերպութեան մաս կը կազմեն ծովային 450 կեդրոններ:

Միջազգային ծովային ընկերակցութեան հիմնադրութեան 50-րդ ամեակի առիթով ֆրանչիսկոս Պապ երկուշաբթի, 21 հոկտեմբերին , պատգամով մը ողջոյնեց կազմակերպութեան բոլոր անդամները :  

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով ընկերակցութեան հիմնադրութեան 50 ամեակին, նշեց թէ սոյն տարեդարձը իրեն համար առիթ է քաջալերելու ընկերակցութեան անդամները՝ համամիութենական վերանորոգուած հոգիով շարունակելու ծովային մարդոց ի նպաստ ծառայութիւնը:

Ան ապա մաղթեց, որ համագումարի մասնակցող ժողովակները կարենան նոր արդիւնաբեր ձեւեր գտնեն ծովայիններուն, ձկնորսներու եւ ընտանիքներուն խնամակալութեան ոլորտէն ներս :

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ տակաւին այժմէական է «Ծովու Աստղ» առաքելական նամակը գրուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Կողմէ 1994-ին  ուր սուրբ Պապը ընդգծած է ծովու մէջ աշխատող մարդոց ու անոնց ընտանիքներուն հովուական ծառայութեան հիմնական կէտերը: «Այդ փաստաթուղթին մէջ իմ նախորդս կը հրաւիրէ աշխատանք տանիլ, որպէսզի ծովու ժողովուրդը ունենայ առատ եւ անհրաժեշտ միջոցներ՝ առողջ կեանք ապրելու» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա կրկին վերանորոգեց իր հրաւէրը օգտակար դառնալու ծովայիններուն՝ անոնց  ճանչցնելու համար Յիսուս քրիստոսը, ապրելով Աստուծոյ ուսուցումներուն համաձայն:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց միջազգային ծովային ընկերակցութեան անդամները շրջանցելու իրենց առաքելութեան ընթացքին գտած դժուարութիւնները, զարգացնելով համամիութենական հոգին:

Նորին Սրբութիւնը պատգամին աւարտին, նշեց թէ աղօթքով եւ Իր օրհնութիւններով պիտի ընկերանայ այս օրերուն գումարուած համագումարի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք ընկերակցութեան հովուական ծառայութեան յանձնուած են:

«Թող Տէրը ձեզ օրհնէ: Հաճեցէք մի մոռնաք աղօթել ինծի համար: Շնորհակալութիւն»: գրած է ֆրանչիսկոս Պապ:   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2019, 04:00