Որոնել

Կարդինալ Սերաֆիմ Կարդինալ Սերաֆիմ  

Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական հեռագիր յղեց Կարդինալ Սէրաֆիմ Ֆերնանտէս Տէ Արաուխոյի վախճանման առիթով:

Ծիրանաւորը հոգին աւանդած է 95 տարեկանին, երեքշաբթի, 8 հոկտեմբերին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Պրազիլի Պէլօ Հորիզոնթէօ թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս կարդինալ Սէրաֆիմ Ֆերնանտէս Տէ Արաուխոյին վախճանման առիթով, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ցաւակցական հեռագիր յղեց միեւնոյն թեմի արքեպիսկոպոս եւ Պրազիլի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ, գերապայծառ Վալմոր Օլիվէյրա Տէ Ազէվէտոյին:

Ունկնդրէ լուրը

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը աղօթքին միջոցաւ իր մօտիկութիւնը  յայտնած է  վախճանեալին հարազատներուն  եւ թեմի բոլոր հաւատացեալներուն:

Յանձնելով «Սիրելի կարդինալը» Աստուծոյ ողորմածութեան,   Ֆրանչիսկոս Պապ  հեռագիրին մէջ գրած է  որ  ծիրանաւորը իբրեւ  քահանայ ծառայած է եկեղեցւոյ՝ վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովին ընթացքին եւ  միսիոներական հոգիով հաւատացեալներուն սիրտերուն մէջ աճեցուցած է սէր՝  Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ հանդէպ:

Նորին Սրբութիւնը հայցելով Աստուծմէ որ ընդունի  իր հաւատարիմ  ծառան յաւիտենական երջանկութեան մէջ  առաքելական օրհնութիւնը տուած է թեմի հասարակութեան , Պրազիլի եկեղեցւոյ ու բոլոր անոնց որոնք կը կիսեն այս տխուր պահերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2019, 08:58