Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Մարիամի ծառաներ» միաբանութեան անդամները

Միաբանութեան յատուկ առաքելութիւնը կը կայանայ Տիրամօր նմանելու մէջ, որդեգրելով Աստուածամօր ապրելաձեւը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 25 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Մարիամի ծառաներ» միաբանութեան անդամները, միաբանութեան 214 –րդ ընդհանուր ժողովին առիթով:

Այս առթիւ պատրաստուած  եւ ներկաներուն փոխանցած գրաւոր ողջոյնի խօսքին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ միաբանութեան ծագումին, նշելով որ ան հիմնուած է ԺԳ դարուն Ֆիրէնցէ քաղաքին մէջ: Միաբանութեան  շնորհապարգեւն է  ամբողջական անձնուիրում Սուրբ կոյս Մարիամին եւ ունի որպէս յատուկ կոչում քահանայապետական համալսարաններէն ներս դասաւանդել Մարեմեան Աստուածաբանութիւն:  

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւն ակնարկեց միաբանութեան յատուկ առաքելութեան, նշելով որ այդ առաքելութիւնը կը կայանայ Տիրամօր նմանելու մէջ, որդեգրելով Աստուածամօր ապրելաձեւը:  

Ան ապա նկատել տուաւ, որ «Մարիամի ծառաներ» միաբանութիւնը հիմք ունենալով Մարեամի ապրելաձեւը, միաբանութեան անդամները խորացնելով այդ շնորհապարգեւը, զայն ի գործ պիտի դնեն եւ յոյսով  պիտի պատասխասնեն եկեղեցւոյ ու միաբանութեան առջեւ ներկայացուած մարտահրաւէներուն:  

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց միաբանութեան ընդհանուր ժողովին նիւթին՝ «Յոյսի ծառաները՝ փոփոխուող աշխարհի մէջ, նշելով որ այդ նիւթը միաբանութեան ուղեւորութեան եւ միաբանութեան յառաջիկայ տարիներուն առաքելութեան հետքն է : Ան ապա ընդհանուր ակնարկ կատարեց միաբանութեան պատմութեան: Մտաբերեց  միաբանութեան 7 հիմնադիր սուրբերը, նշելով որ այդ սուրբեր գիտցան լեռն ու քաղաք ապրիլ: Եօթը հիմնադիր սուրբեր լեռ բարձրացան ապրելու համար Աստուծոյ հետ խորունկ  փորձառութիւնը:   Անոր Հետ որ Յոյսն է՝ Յիսուս Քրիստոսը:

Հիմնադրի սուրբերը ապա լեռներէն վար իջնելով,  քաղաքին  արուարձաններուն մէջ  բնակարան մը հիմնեցին, ընկերութեան եւ եկեղեցւոյ ծառայելու ինչպէս նաեւ վկայելու համար ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց թէ  հիմնադիր սուրբերը զօրացած Աստուծոյ հետ իրենց ապրած փորձառութենէն,  պատմութեան խորը մտան՝  վերանորոգուած հոգիով եւ այսպէս կատարելով   անոնց կրցան աւետարանը ապրիլ՝ ընդառաջելով ժողովուրդին, եղբայրներուն կարիքներուն որոնք աջակցութիւնը, հիւրընկալութիւն եւ սէր խնդրեցին:

Ֆրանչիսկոս Պապ  հուսկ քաջալերեց միաբանութեան անդամներ որ անոնք   եւս վերապրելով  իրենց հիմնադիրներու մարդկային փորձառութիւնը, միշտ առ աւելիով դառնան յոյսի մարդիկ նկատել տալով, որ յոյսի մարդիկ դառնալ կը նշանակէ, քաջութիւն գտնել ժամանակից մարտահրաւէրները:

Նորին Սրբութիւն ապա թուեց եկեղեցւոյ եւ աշխարհի առջեւ ներկայացուած կարգ մը մարտահրաւէրներ, ինչպէս հաղորդակցութեան միջոցները, որոնց միջոցաւ կարելէ թէ   դրական լուրեր  հաղորդել թէ լուրեր որոնք կը կործանեն մարդու արժանապատուութիւնը  եւ  կը վիրաւորեն եղբայրական կեանքը: Այս կապակցութեամբ  Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ նկատեց աւետարանական կրթութեամբ դաստիարակել,  հաղորդամիջոցներուն օգտագործումին համար

Ֆրանչիսկոս Պապ մարտ հրաւէրներուն շարքին անդրադարձաւ եկեղեցւոյ բազմամշակութային ըլլալու երեւոյթին նշելով որ դիւրին չէ մարդկային տարբերութիւնը համերաշխութեամբ ապրիլը,  սակայն անիկա կարելի է եւ ուրախութեան առիթ  այն ժամանակ երբ  տեղ կու  տանք Սուրբ Հոգիին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մաղթեց, որ Մարիամի ծառաներ հասարակութիւնը նշան հանդիսանան տիեզերական եղբայրութեան,  հիւրընկալութեան  դպրոցներուն  

Ան գրաւոր պատգամը  աւարտեց Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցելով, որ միաբանութեան անդամներուն մէջ միշտ պահպանէ Աւետարանի ուրախութիւն  ապա ներկաներուն եւ միաբանութեան բոլոր եղբայրներուն եւ հասարակութեան տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2019, 10:35