Առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշը: Առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշը:  

Հրապարակուեցաւ ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Թայլանտ եւ Ճափոն կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը:

Ճափոնի մէջ նախատեսուած է որ ֆրանչիսկոս Պապ , Նակազաքի քաղաք այցելութեան ժամանակ արտասանէ ճար մըադոմական ռումբերուն մասին:

Յառաջիկայ 19-26 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ դէպի Թայլանտ ապա Ճափոն:

Նորին Սրբութեան առաքելական ճամբորդութիւն սկիզբ կ՝առնէ երեքշաբթի, 19 նոյեմբերին,  երեկոյեան ժամը 7,00ին, Հռոմի միջազգային օդակայանէն, ուրկէ  թռիչքով կը փոխադրուի Պանքոկ,   որուն ժամանումը նախատեսուած է չորեքշաբթի 20 նոյեմբերին՝ տեղական ժամով 12,30ին:

Պանքոկի միջազգային օդակայան Ժամանումին նախատեսուած  է ֆրանչիսկոս Պապի ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւն:

Հինգշաբթի, 21 նոյեմբերին, Թայլանտի  պետական պալատէն ներս բարի գալուստի արարողութենէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում կ՝ ունենայ երկրին վարչապետին,  քաղաքական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ  անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը:

Թայլանտի պետական անձնաւորութիւններուն հետ հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ այցելութիւն կու տայ Պուտիթներուն գերագոյն Պատրիարքին, որմէ ետք կը փոխադրուի  ST. LOUIS HOSPITAL անուան հիւանդանոց ուր հանդիպում կ՝ունենայ հիւանդանոցի անձնակազմի  ինչպէս նաեւ կարգ մը  հիւանդներուն հետ:

Նորին Սրբութիւնը կէսօրուան ճաշը կը կատարէ Պապական նուիրակի պալատէն ներս,  որմէ ետք յետմիջօրէէն առանձնական այցելութիւն կը կատարէ  Թայլանտի թագաւորին   ապա ազգային մարզադաշտէն ներս կը մատուցէ  Սուրբ Պատարագ:

Ուրբաթ 22 նոյեմբերին  Ֆրանչիսկոս Պապ  հանդիպում կ՝ունենայ  կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, նորընծաներուն հետ՝ սուրբ Պետրոս անուան ժողովրդապետութենէն ներս,   ապա Երանելի Նիքոլասի սրբավայրէն ներս կը հանդիպի Թայլանտի եպիսկոպոսներուն:

Միեւնոյն սրբավայրէն ներս  ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական հանդիպում կ՝ունենայ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ, որուն աւարտին

Կէսօրուան ճաշը  կատարէ Պապական նուիրակին պալատին մէջ :

Յետմիջօրէին Chulalongkorn University համալսարանէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ  կը հանդիպի քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու կրօնապետերուն հետ:

Ֆրանչիսկոս Պապին Թայլանտ կատարած  առաքելական ճամբորդութիւնը կ՝եզրափակուի Սուրբ Պատարագով զոր կը մատուցէ  Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ երիտասարդներուն:

Շաբաթ 23 նոյեմբերին,  առաւօտեան ֆրանչիսկոս Պապ Պանքոկի օդակայանէն թռիչքով կը փոխադրուի Թոքիօ ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամանակացոյցով յետմիջօրէին 5,40-ին:

Օդակայանին մէջ բարի գալուստի արարողութենէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Պապական նուիրակի պալատ,  ուր հանդիպում կունենայ երկրի եպիսկոպոսներուն հետ:

Կիրակի 24 նոյեմբերին,  ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Նակազաքի քաղաք, ուր նախատեսուած է որ արտասանէ   ճար մը ադոմական ռումբերուն մասին:

Նակազաքի քաղաքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ նահատակներուն յուշահամալիր ուր յարգանքի տուրք կը մատուցանէ ադոմական ռումբի թիրախ նահատակներուն:     

Կէսօրին,  ֆրանչիսկոս Պապ նոյն վայրէն կ՝արտասանէ  Մարեմեան աղօթքը,  ապա ճաշի փոքրիկ դադար կը կատարէ Արքեպիսկոպոսարանէն ներս:

Յետմիջօրէին Պէյզպոլի մարզադաշտէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ  կը մատուցէ  Սուրբ Պատարագ որմէ ետք թռիչքով կը փոխադրուի  Հիրոշիմա քաղաք, ուր խաղաղութեան յուշահամալիրէն ներս իր մասնակցութիւնը կը բերէ խաղաղութեան նուիրուած հանդիպումին, որմէ անմիջապէս ետք թռիչքով կը փոխադրուի Թոքիօ:

Երկուշաբթի, 25 նոյեմբերին ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի   աղէտի թիրախ զոհերուն ապա առանձնական հանդիպում կ՝ունենայ  Նարուհիթօ կայսրին հետ, որմէ անմիջապէս ետք Սուրբ Կոյսն Մարիամ տաճարէն ներս կը հանդիպի երիտասարդներուն հետ: 

Կէսօրուան ճաշը կատարելէ ետք  Պապական նուիրակի պալատին մէջ, յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Պապ  կ՝այցելէ երկրին վարչապետին,  հանդիպում կ՝ունենայ երկրի իշխանութեան  եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ:

Երեքշաբթի, 26 նոյեմբերին,  Ճափոնի առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը ֆրանչիսկ Պապ առանձնական սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ-  ներկայութեամբ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն՝ Սոֆիա  համալսարանի մատրան մէջ,  հուսկ կ՝այցելէ համասպրանի մէջ գտնուող տարեց եւ հիւանդ քահանաներուն որմէ ետք կը փոխադրուի  

Թոքիոյի միջազգային օդակայան, ուրկէ  ֆրանչիսկոս Պապ թռիչքով կը փոխադրուի Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայան,  որուն ժամանումը նախատեսուած Հռոմի ժամանակացոյցով 26 նոյեմբերին յետմիջօրէին՝ 5,15ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2019, 11:27