Որոնել

Մեր մայր երկիր մոլորակը Մեր մայր երկիր մոլորակը 

Ֆրանչիսկոս Պապին նոր գիրքը «Մեր մայր երկիրը: Կենսոլորտին մարտահրաւէրի քրիստոնէական մեկնութիւն մը»:

«Երկիր մոլորակը պարգեւ մըն է, անորմէ ներողութիւն խնդրենք մեր ագահութեան համար:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 24 հոկտեմբերին լոյս պիտի ընծայուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը կրող «Կենսոլորտին մարտահրաւէրին քրիստոնէական մեկնութիւն մը:» տիտղոսակիր նոր գիրքը:  

Ունկնդրէ լուրը

Իտալական «Քորիէերէ Տէլլա Սէրա» օրաթերթի լրագրողի մը փոխանցմամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեալ գիրքին մէջ կ՝անդրադառնայ սիրոյ պակասին ու անոր հետեւանքներուն վերագրելով բնապահպանութեան տագնապը՝  մեր եւ կենսոլորտի  հանդէպ ունեցած հիւանդագին կեցուածքին:

Հիւանդ նայուածք, որ արգելք  կը հանդիսանայ ամէն բան ըմբռնելու իբրեւ պարգեւ եւ բացայայտելու թէ մենք սիրուած արարածներ ենք:   

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ թէ կլիմայի փոփոխութեան հարցերը,  կրնան մեզի հնարաւորութիւն ընծայել հարցաքննելուն արարչագործութեան խորհուրդին մասին, որուն համար կ՝արժէ ապրիլ:

Ան կը գրէ թէ ժամանակից աշխարհի հարցերը կրնան առիթ դառնալ բացայայտելու թէ իսկապէս մէկ ընտանէք  ենք,  մէկ մարդկային ընտանիք:

Կարելի է խնդրել եւ ներել լոկ սուրբ Հոգիին միջոցաւ, որովհետեւ Ան հաղորդութեան արուեստագէտն է,  զոր անհատներուն սահմանափակումնները կը բանայ:

Կարիքը կայ յոյժ սէրի՝ մէկդի դնելու համար մեր հպարտութիւնը եւ անդրադառնալու թէ սխալ գործած ենք, այն յոյսով որ գոյութիւն ունին նոր ուղիներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2019, 10:36