Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը Վատիկանի առաքելական գաղտնի դիւանի վերաբերեալ:

Սոյն ինքնագիր նամակով, Վատիկանի այժմեան գաղտնի դիւանը պիտի կոչուի «Վատիկանի առաքելական դիւան»:

Երկուշաբթի, 28 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով մը, որոշեց  անուանափոխել վատիկանի առաքեալական գաղտնի դիւանը  զայն կոչելով «Վատիկանի առաքելական դիւան»:

Ունկնդրէ լուրը

Ինքնագիր նամակին մէջ Սրբազան հայր նշած է.

«Ընդառաջելով վերջին տասնեակ տարիներուն, յարգարժան առաջնորդներու եւ սերտ համագործակիցներուն յորդորներուն եւ ունկնդրելով նաեւ Վատիկանի գաղտնի դիւանի մեծաւորներուն կարծիքները, սոյն ինքնագիր նամակով, որոշեցի որ այսուհետ Վատիկանի այժմեան գաղտնի դիւանը, ոչինչ փոխելով իր ինքնութեան, կառոյցին եւ առաքելութեան մէջ պիտի կոչուի Վատիկանի առաքելական դիւան:

Նորին Սրբութիւն ինքնագիր նամակին մէջ վերահաստատելով վատիկանի առաքելական դիւանի՝  եկեղեցւոյ եւ մշակոյթին  ծառայելու աշխոյժ ցանկութիւնը գրած է, որ Վատիկանի առաքելական դիւանի նոր անուանակոչումով  ի յայտ կը դրուի Սուրբ Աթոռի սերտ կապը դիւանին հետ,  Սուրբ Պետրոսի յաջորդին համար անփոխարինելի գործիք ըլլալը  եւ միեւնոյն ժամանակ կ՝ընդգծուի դիւանին անմիջական կախուածութիւնը՝ Հռոմի Քահանայապետէն:

Սոյն առաքելական ինքնագիր նամակը ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակուելով «Օերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2019, 12:06