Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հռոմի Րաբունապետ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հռոմի Րաբունապետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց Հռոմի Հրեայ հասարակութիւնը Հրեաներու տօնին առիթով:

Ֆրանչիսկոս մաղթեց որ ամրապնդուին հրեայ - Քրիստոնեայ բարեկամական կապերը՝ բոլորին բարիքին ի շահ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հրեաներուն Rosh Ha-Shanah, Yom Kippur e Sukkot տօներուն առիթով, ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական ուղերձ  յղած է Հռոմի Րաբունապետ Տիար Ռիքարտօ Սենիին, շնորհաւորելով է հրեաներու Րաբունապետն ու Հռոմի հրեայ հասարակութիւնը:

Շնորհաւորական ուղերձին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մաղթած  է, որ հրեաներուն վերոնշեալ տօները առիթ հանդիսանան Աստուածային առատ օրհնութեան ինչպէս նաեւ ուրախութեան ակնաղբիւր:

Ան Ամենակալին օգնութիւնը հայցած է, որպէսզի Աստուած վկայենք, յանձնառու գտնուելով մերձաւորին նկատմամբ եւ խթանելով արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը:   :

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձին մէջ Ամենակալէն հայցած  է որ  ամրապնդէ  Հրէա- քրիստոնեայ բարեկամական  կապերը եւ երկխօսութեան մշտական փափաքը՝ բոլորին բարիքին ի համար: »

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2019, 14:52