Սննդառութեան համաշխարհային օր Սննդառութեան համաշխարհային օր 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Չէ կարելի մոռնալ, թէ այն ինչ, որ կը մսխենք կամ կը կուտակենք աղքատներուն հացն է:»

Սննդառութեան միջազգային օրուան առթիւ ֆրանչիսկոս Պապին ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին յղած նամակը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սննդառութեան համաշխարհային օրուան առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ նամակով մը ողջունած է Ֆաօ-ի ընդհանուր տնօրէն տիար Քու Տոնկիունը:

Ունկնդրէ լուրը

Նամակի մէջ Սրբազան Հայրը նշած է, որ սնունդի համաշխարհային օրը ամէն տարի կ՝արձագանգէ անթիւ եղբայրներուն ճիչը, որոնք կը շարունակուին թիրախ հանդիսանալ անօթութեան եւ թերասնունդի աղէտներուն:

Ան նկատել տալով, որ հակառակ՝ վերջին տասնեակ տարիներուն ի գործ դրուած ջանքերուն, 2030 թուականի զօրակցական զարգացումը կը մնայ իրականացուելիք օրակարգ մը աշխարհի շատ մը վայրերէն ներս:

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ  ՖԱՕ-ին սննդառութեան համաշխարհային օրուան  այս տարուան նիւթին  «Մեր գործողութիւնները, մեր ապագան է: Առողջ սննդառութիւնը «զեռօ անօթութիւն» աշխարհի ի սպաս» :

Ան նկատել տուաւ, որ աշխարհի մէջ ականատես ենք այն իրողութեան, թէ կերակուրը վերապրումի միջոց դադրելէ զատ դարձած է նաեւ անձի կործանումի միջոց: «820 միլիոն անձինք կը տառապին անօթութենէն, մինչ գրեթէ այլ 700 միլիոն անձինք կը տառապին թերասնունդի  սովորութիւններէն:  

Նորին Սրբութիւնը  ապա  նկատելով թէ սննդառութիւնը կարեւոր մեկնակէտ մըն է նշեց, թէ կ՝ապրինք շնորհիւ արարչագործութեան պտուղներուն:  Ան յորդորեց մշակել ապրելաձեւեր, ապրելով կեանքի իւրաքանչիւր պահ՝ ուրիշին հանդէպ ուշադիր գտնուելով:  Ամրապնդել հասարակաց բարիքին ի շահ եղբայրական կապերը,  հեռու մնալով անհատապաշտութենէն եւ անձնասիրութենէն, որոնք միայն անօթութիւն եւ ընկերային անհաւասարութիւն կը յառաջացնեն:

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց որդեգրել ապրելաձեւ մը, որ մեզի թոյլ կու մշակելու մեր անձին հետ առողջ յարաբերութիւն ինչպէս նաեւ մեր եղբայրներուն եւ կենսոլորտին հետ, որուն մէջ կ՝ապրինք:

Այս կատարելու համար Սրբազան Հայրը ընդգծեց, թէ ընտանիքը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ եւ ասոր համար ՖԱՕ- ը յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերած է գիւղատնտեսութեամբ զբաղող ընտանիքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ ընտանեկան հողամշակութեան: Ան նշեց, թէ ընտանեկան միջավայրէն ներս եւ շնորհիւ իգական մայրական սէրին կը սորվինք վայելել հողին պտուղները՝ առանց չափազանցութեան եւ կը բացայայտենք հասարակաց եւ անհատի բարիքը յարգող ապրելաձեւեր:

Նորին Սրբութիւն ապա շեշտած  է, որ  անօթութեան եւ թերասնունդի դէմ պայքարը պիտի չի դադրին մինչեւ այն ատեն երբ գերակայ է շուկայի տրամաբանութիւնը եւ կը շարունակուին ամէն ի գին շահի որոնումները կերակուրը վերածելով վաճառականութեան ապրանքի եւ ֆինանսական շահագործումի միջոց,   արժէքազրկելով անոր  մշակութային, ընկերային արժէքները:

Այն ժամանակ երբ մարդկային անձը կը զետեղուի իր պատշաճ վայրը ուրեմն այն ատեն է որ   մարդկային գործողութիւնները եւ զարգացման օրակարգերը պիտի ունենան առաւել ազդեցութիւն եւ պիտի տան յուսադրուած արդիւնքները:  «Չէ կարելի մոռնալ, թէ այն ինչ, որ կը մսխենք կամ կը կուտակենք աղքատներուն հացն է:»

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտած է հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները ՖԱՕ-ի բոլոր անձնակազմի համար մաղթելով անոնց արդիւնաբեր աշխատանք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2019, 10:31