Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի խորհրդանշիշը Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի խորհրդանշիշը 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Եւրոպայի Եպիսկոպոսներուն:

Յոյսի նշաններու ականատես կը դառնանք, մեր եղբայրներուն հոգ տանելու ժամանակ, նամանաւանդ հիւանդ, տառապող եղբայրներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղած է Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի նախագահ, Կարդինալ Անճելօ Պանիասքոյին:

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով եպիսկոպոսներուն այս տարուան տարեկան ժողովի նիւթին՝« Ժամանակն է, որ  Եւրոպան վերազարթնի: Յոյսի նշաններ»,զայն նկատած է կարեւոր առիթ խոկալու այն ուղիներուն մասին, որոնք կարելի են որդեգրել՝ Հին ցամաքամասին՝ Եւրոպային վերադարձնելու համար այն ինչ որ անցեալին կը պատկանէր:    

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա եպիսկոպոսներուն հրաւէր կ՝ուղղէ անմիջապէս որոնելու նշաններ՝ նոյնիսկ փոքրիկ նշաններ՝ յոյսի նշաններ, որոնք հոմանիշ են նոր կեանքի, դիտել տալով, որ կան բազմաթիւ նշաններ՝ ստէպ թաքնուած եւ որոնց  յաճախ չենք անդրադառնար:

Նորին Սրբութիւնը դիտել կու տայ նաեւ, որ այդ նշաններուն ականատես կը դառնանք, երբ հոգ կը տանինք մեր եղբայրներուն, դժուարութեան եւ տառապանքի մէջ գտնուող եղբայրներուն, յատուկէն հիւանդները, աղքատները, գաղթականները:

Ան ապա յոյսի  նշաններ որոնելու համար հիմնական ուղին թելադրեց եղբայրսիրութեան ուղին,  նկատելով զայն հակաթոյն՝ ընդդէմ մեր ժամանակակից միտումներուն, որոնք  լի են հակադրութիւններով:  

Սրբազան Հայրը կ՝ընդգծէ, թէ եղբայրսիրութիւն կը նշանակէ նայիլ մերձաւորին, օգնութեան հասնիլ անոր երբ կարիքի մէջ կը գտնուի,  ինչպէս Յիսուս կ՝ուսուցանէ  «Անօթի էի եւ ինծի կերակուր տուիք:»

Ի Վերջոյ ֆրանչիկոս Պապ եպիսկոպոսներէն կը խնդրէ, որ հաւատքի վկաները դառնան, հրապուրիչ հաւատքի եւ ոչ մարդորսութեան հաւատքի : Կը յորդորէ, որ Եպիսկոպոսները բաց գտնուին Սուրբ Հոգիին նորութիւններուն դիմաց:

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը եզրափակած է խրախուսելով եպիսկոպոսները, որ աշխատանք տանին նոր մարդկայնապաշտութեան ի խնդի,  որ «կարող է  երկխօսել, արժէքաւորել եւ ընդելուզել, ինչ որ շատ սիրելի է հին ցամաքամասին:» Նշած է Սրբազան Հայրը, Ան ապա նամակը աւարտած է թելադրելով, որ  Եւրոպան, ժողովուրդներու ընտանիք մը դարձնելու համար անհրաժեշտ է պաշտպանել կեանքն ու մարդկային արժանապատուութիւնը, զարգացնել ընտանիքի եւ անձին հիմնական իրաւունքները: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2019, 09:43