Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց Կարդինալ Ժան Լուի Թորանի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման արարողութեան:

Ցուցահանդէսը աւելի իմաստալից կը դառնայ, որովհետեւ մեզ կը յիշեցնէ երկխօսութիւն եւ խաղաղութիւն կառուցող մարդու մը աշխատանքը՝ կարդինալ Ժան Լուի Թոռանը, որ եղած է երկխօսութեան մարդ՝ նախ եւ առաջ Աստուծոյ հետ, որպէս քրիստոնեայ, քահանայ եւ եպիսկոպոս:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին, ժամը 5,00-ին, ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ,  Քահանայապետական Լատերանեան համալսարանի ներգաւիթէն ներս տեղի ունենցաւ« Երկխօսութեան գեղագրութիւն. զարգացնել խաղաղութեան մշակոյթը արուեստի եւ մշակոյթին միջոցաւ» խորագիրով ցուցահանդէսին՝ նուիրուած երջանկայիշատակ Կարդինալ Ժան Լուի Թորանի յիշատակին:

Ունկնդրէ լուրը

Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց Լատերանեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած « կրթել խաղաղութեան» միօրեայ ուսումնասիրութիւնը՝ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ 14 մայիս 2020-ին, կայանալիք «համաշխարհային կրթական համաձայնագիր» ձեռնարկին: 

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ կրթել խաղաղութեան, մեզմէ կը պահանջէ ամոքել ու պատասխանել բոլոր անոնց, որոնց պայքարներու եւ հակամարտութիւններու պատճառով մահուան դատապարտուեցան եւ կամ ալ ստիպուած լքեցին իրենց օճախները, սիրելիներն ու հայրենիքը:  

Ան յորդորեց մեր ուսերուն վրայ կրել բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն սպասումներն ու անհանգստութիւնները, ընդգծելով, թէ չէ կարելի անտարբեր մնալ, հայցելով լոկ խաղաղութիւն:

«Բոլոր դաստիարակներն ու աշակերտները կանչուած են կառուցելու եւ պաշտպանելու խաղաղութիւնը՝ ամէն օր աղօթք բարձրացնելով առ  Աստուած խնդրելով, որ Ամենակալը մեզի շնորհէ խաղաղութեան պարգեւը:» ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Ան  ապա անդրադառնալով կրթական համաձայնագիրին ու անոր իրականացման, ընդգծեց խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան հրամայականը:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ հակամարտութիւններուն դիմաց եւ խաղաղութիւն կերտման համար բաւարար չեն ցուցմունքներ կատարել այլ անհրաժեշտ է արժանիքներու փորձառութիւններու ու առաքինութիւններու փոխանցումը:

«Խաղաղութեան սակաւութեան դիմաց բաւ չէ խաղաղութիւն խնդրել, կամ ալ իրաւունքներ  հռչակել: Հարկ է վերագտնել՝ անձերուն միջեւ մուտք գործելու կարողութիւնը՝ անոնց հետ երկխօսելու համար, եւ  հասկնալու անոնց պահանջները, մեր տկարութիւններով հանդերձ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ երկխօսելը չի ծառայեր լոկ հակամարտութիւնները կանխարգիլելու կամ լուծելու համար, այլ անիկա ձեւ մըն է նաեւ ի յայտ դնելու արժանիքներն ու առաքինութիւնները, զոր Աստուած իւրաքանչիւր մարդու սիրտին մէջ գրած է:

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկելով ցուցահանդէսին, նշեց որ սոյն ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած են գործեր՝ որոնց լեզուն երկխօսական լեզու է :

Ան օրինակ բերաւ ցուցահանդէսին ներկայացուած Սաուտցի արուեստագէտ Ալ Խուզայմիի գեղանկարները, նկատելով տալով որ անոնք միջոցներ են խաղաղութեան ուղիներուն բացուելու համար եւ մարդ անհատը զետեղելու՝ իւրաքանչիւր գործարքի եւ կրթական ծրագիրի կեդրոնը: 

Նորին Սրբութիւնը ապա  խօսքին մէջ յիշեց Կարդինալ Ժան Լուի Թոռանը: Ան նկատել տուաւ, որ ցուցահանդէսը աւելի իմաստալից կը դառնայ, որովհետեւ մեզ կը յիշեցնէ երկխօսութիւն եւ խաղաղութիւն կառուցող մարդու մը աշխատանքը՝ կարդինալ Ժան Լուի Թոռանը, որ եղած է երկխօսութեան մարդ՝ նախ եւ առաջ Աստուծոյ հետ, որպէս քրիստոնեայ, քահանայ եւ եպիսկոպիոս:

Կարդինալ Թորան Եղած է նաեւ  ժողովուրդներու, պետութիւններուն, միջազգային հաստատութիւններուն միջեւ երկխօսութեան մարդ, նպաստելով խաղաղութեան համաձայնագիրերուն իրականացան:

Կարդինալ Թոռան, որպէս քահանայապետական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ, եղած է նաեւ Երկխօսութեան մարդ  կրօններու միջեւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ կարդինալ Թորան, մեզի սորվեցուց, թէ պէտք չէ կանգ առնել այն ինչ, որ մեզի կը մօտենայ, այլ անհրաժեշտ է նոր հնարաւորութիւններ գտնել, որպէսզի տարբեր կրօնական աւանդութիւնները կարենան խաղաղութեան պատգամէն զատ,  խաղաղութիւնը, որպէս պատգամ սփռել:

Նորին Սրբութիւնը  յիշեց նաեւ կարդինալ Թոռանի ամէնէն մեծ բաղձանքներէն մին, որ է Ռիատ այցելել եւ կարդինալը նախ քան  Աստուծոյ տուն վերադառնալը կրցած է այդ  իրականացնել՝ 2018ին, ապրիլ ամսուան ընթացքին::

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ կարդինալ Թոռան նոյնիսկ հիւանդ վիճակին մէջ ոչ մէկ ջանք խնայած է  երկխօսութեան նպատակաւ :

«Միշտ պատրաստակամ, հեզ, այդ քահանայական դէմքը,  նաեւ ինծի համար կարեւոր եւ օգտակար եղաւ, հասկնալու համար, Հռոմի եպիսկոպոսի եւ Սուրբ Պետրոսի  յաջորդի ծառայութեան  կապուած բազմաթիւ  կացութիւններ»:ըսաւ Նորին սրբութիւնը, ապա  խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին ցուցահանդէսի ծրագիրը,  ապահուելով իր աղօթքը բոլորին համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2019, 20:00