Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սուրբ Պօղոսի դուստրեր» միաբանութեան քոյրերը:   Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սուրբ Պօղոսի դուստրեր» միաբանութեան քոյրերը:  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սուրբ Պօղոսի դուստրեր» միաբանութեան քոյրերը:

Առաքելութեան դերակատարը Սուրբ Հոգին է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 4 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սուրբ Պօղոսի դուստրեր» միաբանութեան անդամները, միաբանութեան տարեկան 11-րդ ընդհանուր ժողովին առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը ակնարկելով սուրբ Գիրքին նշեց, որ Փրկագործութեան պատմութիւնը՝ ըլլայ անձին ըլլայ ժողովուրդին, հիմնուած է մեկնելու, թողելու եւ ուղղուելու մէջ  ընդառաջելով կոչումին եւ վստահելով Աստուծոյ խոստումին:

Ան ապա ընդհանուր անդրադարձ կատարելով ժամանակակից աշխարհն ու եկեղեցին յուզող հարցերուն, ի մէջ այլոց կոչումին տագնապին,  շեշտը դրաւ հաւատքին վրայ դիտել տալով, որ եկեղեցւոյ մէջ այս դժուարին ժամանակաշրջանը,  անպտուղ ժամանակ չէ այլ արդիւնաբեր, որ թոյլ կու տայ էականին վերադառնալու:

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ ընդգծեց, որ առաքելութեան դերակատարը Սուրբ Հոգին է: Ան քաջալերեց ընթանալ աշխարհի ուղիներուն վրայ՝հայեցողական նայուածքով եւ մարդոց նկատմամբ ունենալով լի գորով, մարդիկ որոնք անօթին են Աւետարանի բարի լուրին: Այս բոլորը չէ կարելի առանց հաւատքին ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ օրինակ բերելով Աբրահամի ամուր հաւատքն ու յոյսը: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ճարը աւարտեց քաջալերով մայրապետները, որ նման սուրբ Պօղոսին եւ Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ կեանքով եւ առաքելական գործունէութիւններով յառաջ ընթանան, այսօրուան այր մարդոց եւ կիներուն  Աւետարանի բարի լուրը հաղորդելու համար:



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2019, 12:00