Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Տոն Քարլօ Նյոքքի» հիմնարկի անդամները:

Ֆրանչիսկոս Պապ Քաջալերեց հիմնարկի անդամները առանց տքնելու շարունակեն ծառայել անկարներուն, հաշմանդամներուն, ոչ միայն ամոքելով անոնց մարմնական ցաւերը այլ ներշնչելով մխիթարութիւն, որ է Աստուծոյ քնքշութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբերին,Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց «Տոն Քարլօ Նյոքքի» ընկերակցութեան աւելի քան 4500 անդամները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայր բարձր գնահատեց Տոն Քարլօ Նյոքքի հիմնարկը «որուն գաղափարը յղացած եւ իրականացուցած է Ամպրոզիան վարդապետը, եւ որուն սրբադասման արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ կարդինալ Թեթթամանծին Տոն Քարլոն որակած է Աստուած  եւ մարդը  որոնող քաջ մարդ, որ իր կեանքը սպառեց, Քրիստոսի դիմագիծը փնտռելով  մարդու դէմքին մէջ: ըսաւ Սրբազան Հայրը :

Ան ապա ընդհանուր ակնարկ կատարեց երանելի Տոն Քարլոյի նուիրեալ կեանքին: Երանելին ծառայեց քրիստոսին՝ մանուկներուն, աղքատներուն, տառապողներուն մէջ՝ որպէս սիրահար դաստիարակ:  Տոն Քարլոն որպէս մատրանապետ, ճանչցաւ համաշխարհային Բ պատերազմի դառնութիւնը:  Ապա Իտալիա վերադարձին հիմնեց այս հրաշալի ծրագիրը,  խրախուսուած Քրիստոսի սէրէն:

Նորին Սրբութիւնը  խօսքը ուղղելով ընկերակցութեան անդամներուն նշեց, թէ ընկերակցութեան հիմնադրութենէն 10 տարի ետք, անոնք  նուիրուածութեան հոգիով յառաջ տարին հիմնադիրին ժառանգութիւնը՝ կառչած մնալով աւետարանին:  

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկի անձնակազմին, պատասխանատուներուն,բժիշկներուն կամաւորներուն եւ բարեկամներուն:  

Քաջալերեց զանոնք առանց տքնելու շարունակեն ծառայել անկարներուն, հաշմանդամներուն, ոչ  միայն  ամոքելով անոնց մարմնական ցաւերը այլ ներշնչելով նաեւ մխիթարութիւն, որ է Աստուծոյ քնքշութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Ան քաջալերեց հիմնարկի անդամները, իրենց հիմնադիրին միեւնոյն հոգիով քաջութեամբ պայքարին տառապանքներուն պատճառներուն դէմ:  Խրախուսեց  որ դառնան գործունեայ քրիստոնեաներ, երջանիկ,  բարեսիրտ որոնք աշխարհի կը նային, ոչ թէ որպէս թշնամի, այլ որպէս անառակ որդին զայն ողջագուրելով:

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց կարեկցութեան կարեւորութիւնը:  Անհրաժեշտ նկատեց եղբայրներու տառապանքներու  բաժնեկցութիւնը,  որ կը կարօտի կարեկցական ձեռնակներուն:  «Տառապիլ հետը» կարեկցիլ նման Յիսուսին որ մարդու սիրոյն համար  ան մարմնացաւ եւ տառապեցաւ:

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ընկերակցութեան անդամները յարատեւելու՝ մարդկային զարգացման իրենց ուղեւորութեան մէջ,  որ եկեղեցւոյ աւետարնումին կարեւորագոյն նպաստն է: 

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց  ապահովուելով իր աղօթք բոլորին համար,  իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ընկերակցութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ հիմնարկի կեդրոններուն մէջ հիւրասիրուած բոլոր անձերուն: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2019, 11:57