Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սրբուհի Օրսոլա միաբանութեան քոյրերը:

Ժողովուրդին նկատմամբ սէրը, ուժ մըն է, որ կը նպաստէ Աստուծոյ հետ հանդիպումին , որովհետեւ ան որ մերձաւորը կը սիրէ, Աստուծոյ է որ կը սիրէ, եւ ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ խաւարին մէջ կը քալէ- եւ մահուան մէջ կը մնայ:

Հինգշաբթի, 3 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Unione Romana dell’Ordine di Sant’Orsola  միաբանութեան անդամները, միաբանութեան տարեկան ընդհանուր ժողովի առիթով:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ միաբանութեան այս տարուան ընդհանուր ժողովի նիւթին՝ «համաշխարհային հասարակութիւն. ընթանանք դէպի նոր կեանք:»

Ունկնդրէ լուրը

«Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ կը գտնուինք միշտ առ աւելիով փոխկապակցուած եւ տարբեր ժողովուրդներէ բնակուած ժամանակի մը մէջ,  ժողովուրդներ  որոնք հասած են մաս կազմելու ընդհանուր հասարակութեան մը : Ժամանակ մը ուր  միշտ աւելիով մօտիկ կը գտնուինք մեծ մարտահրաւէրներուն դիմաց :» Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ  այսօր՝ ոչ մէկը կրնայ ըսել այս ինչ բանը ինծի չի հայիր:  Ուրիշներուն հարցերը նաեւ իմ հարցերս են,  անոնք ոչ միայն կը հային ժողովուրդի մը  կամ ազգի  մը,  այլ համայն աշխարհին:

Ան օրինակ թուեց Ամազոնեան տարածաշրջանը թիրախ դարձնող հրդեհներու հարցը  նկատել տալով, որ այդ հարցը ոչ միայն կը հայի ամազոնեան տարածաշրջանին այլ ամբողջ աշխարհին:  Թուեց նաեւ գաղթականութեան երեւոյթը, որ  ոչ   միայն կը հայի կարգ մը պետութիւններուն,  այլ միջազգային հասարակութեան:  Նորին Սրբութիւնը ապա  ընդգծեց որ կարելի է ընթանալ դէպի նոր կեանք:  Սա կարելի է լոկ դռները բանալով Քրիստոսին դիմաց եւ նմանելով Անոր՝ եղբայրսիրական գործերու միջոցաւ,   նեցուկ կանգնելով  իւրաքանչիւր այդ մարդու ու կինի՝ անկախ անոնց լեզուէն,  մշակոյթէն, ազգութենէն,  յարգելով անոնց տարբերութիւնը՝ ըլլայ մշակութային ըլլայ կրօնական:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց միաբանութեան քոյրերը որ իրենք եւս իրենց շնորհապարգեւներով եւ յատկութիւնով նոր կեանք մը կազմեն, երթալով դէպի աշխարհի յետին վայրերը ու  նեցուկ կանգնելով տարբեր մշակոյթներուն եւ տարբեր ազգերուն մարդոց,  որպէսզի հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի պատգամը կարենայ անձերը մօտեցնել Քրիստոսին

Ան յորդորեց որ  որ հաւատարիմ մնան իրենց հիմնադրուհիին՝ Սուրբ Անճելա Մերիչի-ի, ներշնչուելով անոր խարիզմէն, ընդառաջելու համար աշխարհի ծարաւին5 որ ի վերջոյ Քրիստոսի ու Անոր ողորմածութեան ծարաւն է:

Նորին Սրբութիւն  ապա նշեց  »Ժողովուրդին նկատմամբ սէրը, ուժ մըն է  որ կը նպաստէ Աստուծոյ հետ հանդիպումին ,  որովհետեւ ան որ մերձաւորը կը սիրէ Աստուծոյ է որ կը սիրէ եւ ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ խաւարին մէջ կը քալէ- եւ մահուան մէջ կը մնայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց Հայցելով Աստուծմէ, որ Սրբուհի Օրսոլայի մայրապետները  առաջնորդէ ու նեցուկ կանգնի անոնց ուղեւորութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2019, 12:39