Չիլիի մէջ բողոքի ցոյցեր Չիլիի մէջ բողոքի ցոյցեր 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Չիլիի մէջ անկարգութիւններու ի տես:

Նորին Սրբութիւնըի մաղթեց որ երխօսութեան միջոցաւ վերջ դրուի բռնի ցոյցերուն եւ տագնապի խաղաղ լուծման համար աշխատանք տարուի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաթի, 23 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կատարած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կոչ ըրաւ ի նպաստ Չիլիի

Կոչին մէջ սրբազան հայրը ըսաւ.

Ունկնդրէ լուրը

«Մտահոգութեամբ  կը հետեւիմ  Չիլիի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն: Մաղթանքս է, որ  երկխօսութեան միջոցաւ վերջ դրուին բռնի ցոյցերուն  եւ աշխատանք տարուի տագնապի լուծման եւ անկէ յառաջացած դժուարութիւնները դիմագրաւելու ի խնդիր, համայն ժողովուրդի բարիքի համար:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլիի ի նպաստ ըրած կոչին մէջ:

Յայտնենք, թէ Չիլիի մէջ բողոքի ցոյցերն ու անկարգութիւնները կը շարունակուին: Մինչեւ այսօր արձանագրուած է առնուազն 13 զոհ:

Չիլիի նախագահ Սեբաստիան Պինյերան երկրի անկարգութիւններուն հետ կապուած իրադարձութիւնները համեմատած է պատերազմի հետ:

Բողոքի ցոյցերը սկիզբ առած են Սանթիակօ մայրաքաղաքի մեթրոյի սակի բարձրացման պատճառաւ: Հակառակ, որ Չիլիի նախագահը չեղեալ նկատած է մեթրոյի ուղեվարձը բարձրացնելու որոշումը, երկրին մէջ կը շարունակուին անկարգութիւնները:

Վերջին օրերը, ցուցարարները այրած են մեթրոյի մի քանի կայարաններ եւ հանրակառքեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2019, 10:53