Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Նախկին հրամանատար Ճանի Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Նախկին հրամանատար Ճանի 

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն տուաւ նախկին հրամանատար Ճանիի ընտանիքին։

Այցելութիւն մը վերահաստատելու համար գնահատանքը զոր Քահանայապետը արտայայտած էր Վատիկանի Ոստիկանութեան նախկին հրամանատարին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 15 հոկտեմբերի երեկոյեան,Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական  սիւնհոդոսի նիստերու աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն տուաւ Վատիկանի Ոստիկանութեան նախկին հրամանատար՝ Տոմենիքօ Ճանիի ընտանիքին։

Ունկնդրէ լուրը

Այցելութիւն մը վերահաստատելու համար գնահատանքը զոր Քահանայապետը արտայայտած էր Ոստիկանութեան նախկին հրամանատարին ու յատկապէս անոր ընտանիքին։ Հրամանատար Ճանիի Վատիկան քաղաքի տան տուած այցելութեան ընթացքին Քահանայապետը  երկար զրուցեց հրամանատար Ճանիի, անոր կնոջ եւ անոր դուստրին հետ մինչ մանչ զաւակը կը գտնուի Միացեալ նահանգներու մէջ։

Երկուշաբթի օր Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր որ Սրբազան Քահանայապետը իր գնահատանքը արտայայտեց Ճանիի առած հրաժարականի որոշումին համար, որուն մէջ կը ճանչնար ազատութեան ու իշխանութեան նկատմամբ զգայնութեան արտայայտութիւն, որ պատիւ կը բերէ անձին ու անոր խոնարհութեամբ մատուցած ծառայութեան՝ Սուրբ Պետրոսի առաքելութեան ու Սուրբ Աթոռին։

Ինչպէս յայտնէ է հրամանատար Ճանի այդ հրաժարականի որոշումով իր վրայ ուզած էր վերցնել անցեալ 2 հոկտեմբերին ոստիկանութեան ներքին տեղեկատուութեան մը հանրային լրատուամիջոցներու մէջ տարածումին «առարկայական - օպյէքթիվ»  պատասխանատուութիւնը, որով հրամայուած էր  ժամանակաւոր կերպով աշխատանքէ դադրեցնել Սուրբ Աթոռի հինգ աշխատակիցներ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ արդարեւ նշուած է նաեւ թէ հրամանատար Ճանին՝ վերոնշեալ հարցին մէջ ոչ մէկ «ենթակայական – սուպիեքթիվ»» պատասխանատուութիւն ունի ու թէ իր հրաժարականը ներկայացուցած է Եկեղեցւոյ ու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին սիրոյն ու հաւատարմութիւն հոգիով։

Տիար Ճանիի ընտանիքին տուած  այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ վերահաստատեց իր գնահատանքը ու յստակ կերպով շեշտեց նախկին հրամանատարի՝ Վատիկանի Ոստիկանութեան գունդին մատուցած քսան տարուայ ծառայութեան արժէքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2019, 09:00