Իրաքի մէջ բողոքի ցոյցեր Իրաքի մէջ բողոքի ցոյցեր 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւն ու կոչը Իրաքին ի նպաստ:

Կ՛աղօթեմ որպէսզի այդ մարտիրոս ժողովուրդը՝ պատերազմի ու բռնութեան տարիներէն ետք, կարողանայ վերագտնել խաղաղութիւն ու կայունիւթիւն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 30 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ողջունելով հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ ուղղեց Իրաքին ի նպաստ ի տես այդ երկրի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Պապը, մտածումս կ՛երթայ սիրեցեալ Իրաքին, ուր բողոքի ցոյցերը, որոնք տեղի ունեցան այս ամսուայ ընթացքին պատճառ դարձան բազմաթիւ մահերու ու վիրաւորներու։

Մինչ իմ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ զոհերուն համար ու մօտիկութիւնս անոնց ընտանիքներուն ու վիրաւորներուն, կը հրաւիրեմ Իշխանութիւնները անսալու ժողովուրդի աղաղակին որ կը պահանջէ արժանավայել ու համերաշխ կեանք մը։

Կը խրախուսեմ բոլոր Իրաքցիները, միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ, քալելու երկխօսութեան ու հաշտութեան ուղիներու վրայէն ու որոնելու արդար լուծումներ երկրի հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն համար։

Կ՛աղօթեմ որպէսզի այդ մարտիրոս ժողովուրդը՝  պատերազմի ու բռնութեան տարիներէն ետք, կարողանայ վերագտնել խաղաղութիւն ու կայունութիւն։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2019, 10:18