Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն 

Սուրբ Պետրոսի մէջ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։

Նորին Սրբութիւնը չորս նոր եպիսկոպոսներ պիտի ձեռնադրէ
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 4 հոկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին՝ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եպիսկոպոսական օծում կը շնորհէ Գերապայծառ Անթուան Քամիլլերիին, Գերապայծառ Փաոլօ Ռուտելլիին եւ գերապայծառ Փաոլօ Պորճային, որոնք անցեալ 3 սեպտեմբերին առաքելական նուիրակներ նշանակուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։ Անոնց հետ միասին եպիսկոպոսական օծում պիտի ընդունի նաեւ Հայր Միքայէլ Շծեռնի՝ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքի ենթաքարտուղարը, որ ապա 5 հոկտեմբերին՝ Վատիկանի մէջ կայացած Կարդինալական արտակարգ համաժողովի ընթացքին, այլ 12 եպիսկոպոսներու հետ միասին պիտի ընդունի Կարդինալական աստիճանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2019, 10:55