Կարդինալական տիտղոսի շնորհման արարողութիւն Կարդինալական տիտղոսի շնորհման արարողութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապը նորանշանակ կարդինալներուն յանձնարարեց ըլլալ գթասիրտ։

«Գթութիւնը Աւետարանի բանալի բառն է ու այդ բառը գրուած է Յիսուսին սրտին մէջ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 5 հոկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած Կարդինալական տիտղոսի շնորհման  արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը, մեկնաբանելով աւետարանական ընթերցումը, խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսի գթութեան վրայ, հաստատելով որ «Գթութիւնը Աւետարանի բանալի բառն է ու թէ այդ բառը գրուած է Յիսուսին սրտին մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց տառապանքի ու անձկութեան մէջ գտնուողներուն նկատմամբ Յիսուսին ցուցաբերած գթութեան,  որ, ըսաւ Ան, յարատեւողական է եւ կը մարմնացնէ Աստուծոյ ողորմութիւնը,  նշելով նաեւ թէ «Ան Աստուծոյ երկարած ձեռքն է որ կը դպչի մեր հիւանդ մարմնին»։

Յիսուս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կը փնտռէ բացառուած մարդիկը անոնք որոնք անյոյս են։ Աստուծոյ սէրը հանդէպ իր ժողովրդուին լի է գթութեամբ մինչ անոր աշակերտները շատ անգամ զուրկ են այդ գթութենէն, որովհետեւ անտարբերութիւն կը ցուցաբերեն ու կը մտածեն թէ այդ հարցը իրենց չի հայիր, նման ղեւտացիին ու քահանային որոնք տեսնելով ճամբուն եզերքը գտնուող մահամերձ մարդը անցան ու հեռացան։   

«Անոնք միշտ արդարացումներ ունին ու այս մէկը կը մղէ անդրաբերութեան» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց հարց տալ «մենք որքանով գթասիրտ ենք» ապա խօսքը ուղղելով նորանշանակ Կարդինալներուն հաստատեց թէ «գթութիւնը հիմնական պահանջ մըն է, ու թէ այդ մէկը ներքին եւ ի ծնէ զգացումն մըն է, որմէ կախեալ է մեր առաքելութեան հաւատարմութիւնը»։

«Ծիրանաւորի մը իր արիւնը տալու տրամադրութիւնը ապահով է այնքանով որ ան արմատացած է այն գթութեան գիտակցութեան մէջ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով շատ մը եկեղեցականներու անհաւատարմութեան եւ անտարբերութեան արարքներուն, ապա հրաւիրեց հայցել Սուրբ Պետրոսի բարեխօսութիւնը՝ «որպէսզի գթասիրտ սիրտ ունենաք,  եւ վկաներն ըլլանք Անոր որ մեզի նայեցաւ գթութեամբ, մեզ ընտրեց ու մեզ օծեց ապա մեզ առաքեց՝ բոլորին տանելու համար Փրկութեան աւետարանը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2019, 17:15