Վատիկանի ոստիկանութեան պաշտպան սուրբի տօնախմբութիւն Վատիկանի ոստիկանութեան պաշտպան սուրբի տօնախմբութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին երախտագիտութիւնը Վատիկանի ոստիկանութեան։

28 սեպտեմբերին, Քահանայապետը Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ գլխաւորած էր Վատիկանի Ոստիկանութեան պաշտպան սուրբի տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի ոստիկանութեան հրամանատար՝ Տիար Տոմենիքօ Ճանիին յղած պատգամի մը մէջ, որուն ընթերցումը կատարուեցաւ երկուշաբթի 30 սեպտեմբերին, Ոստիկանութեան պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի տօնին առթիւ կայացած տօնախմբութիւններու ընթացքին, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ոստիկանութեան բոլոր անդամներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը այդ երախտագիտութեան զգացումը փոխանցեց «իւրաքանչիւր ոստիկանի»,  վեհանձնութեամբ ու մասնագիտական կերպով անոնց կատարած առօրեայի թանկարժէք աշխատանքին համար, «վկայելով ծառայութեան եւ հեզութեան հոգին» գրեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ մատնանշելով որ անոնց աշխատանքը «ի նպաստ Սուրբ Պետրոսի յաջորդի առաքելութեան, աւելի արդիւնաւէտ ու պտղաբեր է, այն ներդաշնակութեան ու եղբայրութեան եղանակի բերումով զոր հրամանատարը, փոխ հրամանատարը, մատրանապետը ու բոլոր Ղեկավարները կը ջանան խթանել ստեղծելու համար անդորրութեան անհրաժեշտ միջավար մը»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ քաջալերեց բոլորը ուրախութեամբ շարունակելու իրենց «քրտնաջան աշխատանքը», ապա անոնց վրայ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Միքայէլ Հրեշտակապետի հովանին։

Նշենք թէ անցեալ շաբաթ օր՝ 28 սեպտեմբերին,  Քահանայապետը Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ գլխաւորած էր Վատիկանի Ոստիկանութեան պաշտպան սուրբի տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2019, 08:21