Որոնել

Քահանայապետին պատգամը «2019 Ֆրաթելլօ – Եղբայր հանդիպում»ին։

Աղքատներու համաշխարհային օրը «շատերուն թոյլ տուաւ աւելիով ծանօթանալ աղքատութեան, որ Յիսուսին ապրած նոյն աղքատութիւնն է, երբ ան մերժուեցաւ ու մէկդի դրուեցաւ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 14 – 17 նոյեմբեր 2019-ին Լուրտի մէջ տեղի կ՛ունենայ «2019  Ֆրաթելլօ – Եղբայր» հանդիպումը, որուն նախաձեռնողն է «Ֆրաթելլօ » ընկերակցութիւնը, որ տարիներէ ի  վեր յանձնառու է խթանելու աղքատներուն եւ դիւրաբեկութեան մէջ ապրողներուն նուիրուած ձեռնարկներ, աղքատներու համաշխարհային Գ օրուան առթիւ, զոր հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2017 թուականին։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ հաւաքին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամը մը յղած է ընկերակցութեան, որուն մէջ մատնանշելով Հռոմի մէջ նշուած աղքատներու համաշխարհային օրուան, յայտնած է թէ ան «շատերուն թոյլ տուաւ աւելիով ծանօթանալ աղքատութեան, որ Յիսուսին ապրած նոյն աղքատութիւնն է, երբ ան մերժուեցաւ ու մէկդի դրուեցաւ»։

«Դուք ալ կ՛ապրիք  աղքատութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով յառաջիկայ նոյեմբերին Լուրտի մէջ նշուելիք աղքատութեան համաշխարհային օրուան, որ պիտի կատարուի «Յիսուսին Մօր մօտիկ»։

«Թող որ Սուրբ Կոյսը ձեզ պահպանէ ու ձեզի հոգ տանի։ Մնացէք Յիսուսին Մօր հետ որ աղքատ է ու կը ճանչնայ աղքատութեան լեզուն» յարեց Նորին Սրբութիւնը հուսկ իր օրհնութիւնները շնորհեց բոլորին,  վստահեցնելով թէ ինք եւս Հռոմէն պիտի ընկերանայ անոնց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2019, 09:50