Եպիսկոպոսական օծման արարողութիւն Եպիսկոպոսական օծման արարողութիւն  

Քահանայապետը նորօծ եպիսկոպոսներուն. «եպիսկոպոսութիւնը ծառայութիւն է եւ ոչ թէ պատիւ»

Յիշեցէք եպիսկոպոսին գլխաւոր երկու պարտականութիւնները. Աղօթել եւ Աստուծոյ խօսքը հռչակել», վարչական միւս պարտականութիւնները երկրորդական են»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 4 հոկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ նախագահած Սուրբ Պատարագի ընթացքին եպիսկոպոսական օծում շնորհեց երեք պապական նուիրակներու՝ Գերապայծառ Անթուան Քամիլլերիին Գերապայծառ Փաոլօ Ռուտելլիի եւ գերապայծառ Փաոլօ Պորճային, ինչպէս նաեւ Հայր Միքայէլ Շծեռնի՝ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքի ենթաքարտուղար։

«Հռչակեցէք իսկական Խօսքը, խուսափեցէք անհասկնալի եւ ձանձրացուցիչ քարոզներէ։ Հռչակեցէք Աստուծոյ խօսքը եւ յիշեցէք եպիսկոպոսին գլխաւոր երկու պարտականութիւնները. Աղօթել եւ Աստուծոյ խօսքը հռչակել»,  վարչական միւս պարտականութիւնները երկրորդական են»։ Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը ուղղուած նորօծ եպիսկոպոսներուն, ուր ան մատնանշեց նաեւ եպիսկոպոսի ծառայական գործունէութեան յատկութիւններուն,  մեկնելով Առաքելներու առաքումէն՝ որոնք լիացած Սուրբ Հոգիով, ուղարկուեցան  աւետարանելու աշխարհը  ու մարդիկը առաջնորդելու սրբութեան ու փրկութեան։

«Եպիսկոպոս, ծառայութեան անուն է եւ ոչ թէ պատիւ» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով որ եպիսկոպոսը պէտք է ծառայէ, ինչպէս պատուիրած է Վարդապետը «Ով որ ձեր մէջ կ՛ուզէ մեծը ըլլալ թող ամենէ փոքրը դառնայ, եւ ով որ կ՛ուզէ կառավարել՝ թող ծառայ ըլլայ»։

Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց Եպիսկոպոսի առաքելութեան երեք «մօտիկութիւններուն»։ Մօտիկութիւն Աստուծոյ աղօթքի մէջ. Մօտիկութիւն Քահանաներուն ու մօտիկութիւն ժողովուրդին։ Մի մոռնաք, ըսաւ Ան,  թէ դուք ընտրուեցաք «հօտէն»։ Մի մոռնաք ձեր արմատները ու յատկապէս անոնք որոնք ձեզի հաւատքը փոխանցեցին ու ձեզի տուին ինքնութիւն մը։ Աստուծոյ ժողովուրդը մի մոռնաք» յորդորեց  Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2019, 08:40