Որոնել

Միսիոներականութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Սուրբ Պատարագ Միսիոներականութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Սուրբ Պատարագ 

Միսիոներականութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Սուրբ Պատարագ սուրբ Պետրոսի մէջ։

«Քրիստոնեան մշտապէս շարժումի մէջ է….Յիսուսiն վկան արդարեւ ընդառաջ կ՛երթայ բոլորին անխտիր\ եւ Տէրը մեզմէ կը սպասէ նուիրումի վկայութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 հոկտեմբեր 2019-ին առաւօտեան 10-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ  Պետրոսի Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Միսիոներականութեան համաշխարհային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին   ներկայացուցած յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ, խօսքը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն քաղուած երեք բառերու վրայ՝ «կազմուած մէկ գոյականէ ,մէկ բայէ եւ մէկ ածականէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ունկնդրէ լուրը

Առաջինը «լեռ» բառն է որուն մասին կը խօսի Եսայի մարգարէն, մատնանշելով որ Տիրոջ լեռան պիտի դիմեն բոլոր մարդիկը։ Լերը որուն մասին կը խօսին նաեւ աւետարանները՝ ուր Յիսուս ժամադրութիւն կու տայ իր աշակերտներուն։ Կարծես թէ լեռն ըլլար այն վայրը՝ ուր Աստուած կը սիրէ ժամադրութիւն տալ համայն մարդկութեան։ Ան հանդիպումի վայր է, ինչպէս եղաւ աստուածաշունչին մէջ Սինայ լեռը, կամ Թաբօր լեռը՝ ուր Յիսուս քարոզեց երանութիւնները ու կամ ձիթենեաց լեռը, որտեղէն սկիզբ առաւ չարչարանքի ճանապարհը։

Լեռը դարձաւ մեծ հանդիպումներու վայր՝ընդմէջ Աստուծոյ ու մարդոց ու նաեւ վայր աղօթքի եւ ամփոփումի Յիսուսին համար։

Այդ լեռը կը պատգամէ թէ մենք կանչուած ենք մօտենալու Աստուծոյ եւ ուրիշներուն, Աստուծոյ՝ աղօթքին մէջ եւ ուրիշներուն՝ ողջագուրումով։ Լեռը մեզ հեռու կը պահէ նիւթական ու անցողակի բաներէ ու մեզ կը հրաւիրէ վերագտնելու էականը, այսինքն մնայունը՝  Աստուած ու մեր եղբայրները» , ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ միսիոներականութիւնն ալ կը սկսի լեռնէն։ Ան ապա նշեց թէ«լեռ» գոյականին կապուած բառը «բարձրանալն» է, ինչպէս կը յորդորէ Եսայի մարգարէն «Եկէք Տիրոջ լեռը բարձրանանք»։

«Մենք ծնած ենք ձգտելու բարձունքներուն հանդիպելու Աստուծոյ եւ եղբայրներուն հետ... եւ ասոր համար պէտք է բարձրանանք, պայքարինք, եսասիրութեան դէմ։ Թէեւ բարձրանալը կը պահանջէ մեծ ջանք ու յոգնութիւն, սակայն միակ կերպն է ամէն ինչ աւելի յստակ տեսնելու համար, որովհետեւ լեռան գագաթէն է որ կարելի է վայելել գեղեցկագոյն տեսարանը»  յարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  դիտել տալով որ լեռ բարձրանալու համար պէտք չէ ծանր բաներ տանինք մեր հետը, այլ միայն անհրաժեշտը ու թէ այս է նաեւ միսիոներութեան գաղտնիքը։

«Առաքելութեան մեկնելու համար հարկաւոր է թողուլ բան մը ու այդ առաքելութիւնը լաւապէս կատարելու համար բաւարար չեն միայն գեղեցիկ բառերը, այլ հարկաւոր է լաւ կեանք մը՝ ծառայութեան կեանք, երկրային բաներէ անջատուած կեանք մը» դիտել տուա Քահանայապետը հուսկ նշեց թէ եթէ լեռը մեզի կը յիշեցնէ այն ինչ որ արժէք ունի, այսինքն Աստուած ու եղբայրները, ու բարձրանալ բայը մեզի ցոյց կու տայ ինչպէս այնտեղ հասնիլ, այլ բառ մը այսօր կը հնչէ որպէս ամենահզօրը՝ «Բոլորը» ածականը։

Բոլոր ժողովուրդները, բոլոր ազգերը, բոլոր մարդիկը։   Յիսուս կը պատգամէ «գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ժողովուրդները»։ Ան միշտ կը կրկնէ ոչ թէ «ես», «իմս», «մերը», այլ «բոլորը», որովհետեւ ոչ մէկը բացակայ է ու բացառուած է Անոր սրտէն, Անոր փրկութենէն։

 Բոլորը որովհետեւ իւրաքանչիւրը թանկարժէք գանձ մըն է ու կեանքին իմաստը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ այդ գանձը նուիրել ուրիշներուն։ Ահա այս է առաքելութիւնը՝ բարձրանալ լեր,  աղօթել բոլորին համար ապա վար իջնել ու դառնալ բոլորին համար պարգեւ։

«Քրիստոնեան մշտապէս շարժումի մէջ է….Յիսուսին վկան արդարեւ ընդառաջ կ՛երթայ բոլորին անխտիր, եւ Տէրը մեզմէ կը սպասէ նուիրումի վկայութիւնը» յարեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով որ Ան նաեւ կը հրահանգէ «աշակերտեցէք բոլոր ազգերը» ու այդ ընել վկայութեան միջոցաւ, սէր նուիրելով մեզի պարգեւուած սիրով։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մեզմէ իւրաքանչիւրը այս աշխարհիս մէջ ունի յատուկ առաքելութիւն մը ։ Մենք այստեղ ենք վկայելու համար, օրհնելու, մխիթարելու, ոտքի կանգնեցնելու համար ու փոխանցելու Յիսուսին գեղեցկութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզին աւարտին ու քաջալերեց բոլոր միսիոնարներն ու հաւատացեալները, սիրով ընթանալու դէպի բոլորին, « որովհետեւ, ըսաւ Ան, քու կեանքդ թանկարժէք առաքելութիւն է, բեր մը չէ,  այլ պարգեւ է, որ պէտք է նուիրուի։

«Քաջութիւն անվախ ընթանանք դէպի բոլորը» կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2019, 11:02