Որոնել

«Աղօթքը. նոր կեանքի շունչ» «Աղօթքը. նոր կեանքի շունչ»  

«Քրիտոնեաներու աղօթքը Եկեղեցւոյ շունչն է» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ֆրանչիսկոս Պապին անտիպ գիրքին նախաբանը կը կռէ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք՝ Քիրիլի ստորագրութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անտիպ մէկ գրութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ընդգծէ քրիստոնէական կեանքին մէջ աղօթքի կարեւորութիւնը։ Վատիկանի տպագրատունէն հրապարակուած  հատորը՝ որ Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ լոյս կը տեսնէ յառաջիկայ 24 հոկտեմբերին՝ «Աղօթքը. նոր կեանքի շունչ» խորագիրով, ներկայացուեցաւ Ֆրանքոֆրդի Գիրգի միջազգային փառատօնին։

Գիրքին նախաբանը կը կռէ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք՝  Քիրիլի ստորագրութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

«Սուրբ Մկրտութիւնը նոր կեանքի սկիզբն է» կը գրէ Քահանայապետը հարց տալով ի՞նչ կը նշանակէ նոր կեանք ու դիտել տալով որ ան չի նմանիր այն նորութեան զոր յառաջ կու գայ նոր աշխատանք մը ստանձնելէ կամ նոր գաղութ փոխադրուելէ, նոր բարեկամութիւններ մշակելէ… ան բոլորովին տարբեր է կեանքի մէջ ապրուած փոփոխութիւններու բերումով յառաջացած նորութիւններէ, որոնք մաս կը կազմեն միեւնոյն կեանքին… կը հաստատէ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «Նոր կեանքը որուն մասին կը խօսի նաեւ Սուրբ Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսին նոր պատուիրանը, Արքայութեան նոր գինին… նորութիւններ որոնք կարելի չէ բաղդատել անցեալի հետ։

Յիսուս իր Զատիկը չ՛ապրեցաւ բարելաւելու մեր կեանքը կամ զայն աւելի գեղեցիկ դարձնելու համար։ Ան աշխարհ եկաւ որպէսզի կեանք ունենանք լիութեամբ։ Ահա այս է նոր կեանքը, կեանքը զոր Հայր Աստուած մեզի կը նուիրէ սուրբ մկրտութեամբ։ Ան նոր կեանք է որովհետեւ տարբեր է մեր կեանքէն, մերը չէ՝ այլ Աստուծոյ նոյնինքն կեանքն է։  Ահա այս է ամենամեծ պարգեւը որ մեզի տուաւ Յիսուս։ Մասնակցիլ Հօր, Որդոյն ու Սուրբ Հոգւոյն սիրոյն։ Այն սիրոյն որոնք Անոնք ունին համայն մարդկութեան համար ու համայն արարչութեան համար։

«Նոր կեանքը Աստուծոյ մեզի պարգեւած կեանքն է»։ Մենք բազմաթիւ ենք, տարբեր ու սակայն Եկեղեցի ենք, մէկ բան ենք։ Եւ այս միութիւնը սիրոյ միութիւնն է, որ չի կաշկանդեր, չի նուաստացներ,  չի սահմանափակեր մեզ, այլ մեզ կ՛ուժեղացնէ ու մեզ կը կառուցէ միասին՝ մեզ բարեկամներ դարձնելով։

Յիսուս  մեզի կ՛ըսէ թէ իսկական կեանքը Աստուծոյ հետ հանդիպում է ու Անոր հետ հանդիպումը Աստուծոյ ճանաչումն է։  Որովհետեւ ճանաչում կը նշանակէ սիրել եւ այդ է Աստուծոյ մեզի պարգեւած կեանքը, սէրը՝ որ մերը կը դառնայ ու կամաց կամաց մեզ կ՛աճեցնէ շնորհիւ Սուրբ Հոգւոյն, լուսաւորելով մեր առօրեայի փոքրիկ «շնորհակալութիւն, կարող եմ, ներողութիւն» արտայայտութիւնները։

Պատկանելիութեան Սուրբ Պօղոսի գործածած ամենահին պատկերներէն մին  «մարմինն է» որուն Գլուխը Քրիստոսն է ու մենք անոր անդամները։

Ու մարդկային մարմնին մէջ կան հիմնական որոշ գործառոյթներ ինչպէս է սրտին տրոփումը կամ շունչ առնելը։ Եւ հաճելի է ինծի՝ քրիստոնեաներուս անձնական ու հասարակական աղօթքը երեւակայել որպէս շունչ, որպէս Եկեղեցւոյ սրտի տրոփում, որ իր ուժը կը ներդրէ ծառայութեան մէջ։

Աղօթքը Տիրոջ մեր այոն ըսել է, Անոր սիրոյն որ մեզի կը հասնի, կը նշանակէ ընկալել Սուրբ Հոգին որ առանց յոգնութեան, բոլորին վրայ կը զեղու սէր ու կեանք։

Սուրբ Ստեփանոս Տի Սարովը, որ Ռուսիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր մեծ վարդապետ մըն է կ՛ըսէր «Սուրբ Հոգին ունենալը մեր քրիստոնէական կեանքին իսկական նպատակն է, մինչեւ այն աստիճան որ աղօթքը, հսկումները, ծոմապահութիւնը, ողորմութիւնը ու այլ առաքինի գործերը, որոնք կը կատարուին Քրիստոսի անունով, միջոցներ կը դառնան այդ նպատակին համար»։

«Արդարեւ մէկը միշտ ալ չի մտածէր թէ շունչ կ՛առնէ սակայն կարելի չէ դադարեցնել շնչառութիւնը» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2019, 09:00