1570003939235.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական զրոյցը Ճափոնական KTN հեռուստակայանին։

Ես կը հիանամ ձեր ժողովուրդին վերածնունդի կարողութեան վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 հոկտեմբեր 2019-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ճափոնական KTN հեռուստակայանին տուած լսատեսողական մէկ հակիրճ հարցազրոյցը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը խօսի մարտիրոսներու մասին ու Ճափոնցի ժողովուրդին անկումէն ետք դարձեալ վերականգնելու կարողութեան մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Հարացազրոյցին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛ըսէ.

«Երբ կը լսեմ քրիստոնեայ մարտիրոսներու պատմութիւնը, երբ կարդամ այդ երկու քաղաքներու պատմութիւնը (Հիրոշիման եւ Նակազաքին), ես կը հիանամ ձեր ժողովուրդին վրայ։ Կը մտաբերեմ նահատակները իրենց հաւատքի հետեւողականութեան մէջ, պաշտպանելու համար իրենց հաւատքը, պաշտպանելու իրենց համոզումներն ու քրիստոնէական ազատութիւնը։

Կարելի է ապա խօսիլ այլ մէկ մարտիրոսութեան մասին, աւելի մարդկային, այսինքն ադոմական ռումբերու մարտիրոսութիւնը, որուն թիրախ եղաւ ժողովուրդը։ Ես կը հիանամ այդ ժողովուրդին վրայ, անոր վերականգնելու կարողութեան վրայ այդպիսի դժոխային մէկ փորձանքէ մը ետք։

Դուք ժողովուրդ մըն էք որ կարող է վերակենդանանալ, ժողովուրդ որ միշտ դէպի յառաջ կը նայի։ Եւ վերջին բան մը. Ձեր վրայ ուղղուած այդ ադոմական ռումբի արարքը հրէշային է։ Ասոր համար կ՛ուզեմ ընդգծել իրականութիւն մը. անբարոյական է ադոմական ուժանիւթը գործածել պատերազմի համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2019, 10:11