Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մարքէ մարզի Քափուչին  միաբանութեան անդամներուն  հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մարքէ մարզի Քափուչին միաբանութեան անդամներուն հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Մարքէ մարզի Քափուչին «կրտսեր եղբայրներ» միաբանութեան անդամներուն հետ։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ներկաները Քրիստոսը վկայելու խոնարհութեամբ եւ աղքատութեամբ, ինչպէս կը քարոզէր Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 10 հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Քափուչին «կրտսեր եղբայրներ» միաբանութեան Մարքէ շրջանի 73 միաբանակիցներուն հետ, որոնց հետ ունեցաւ մտերմիկ  զրոյց մը որուն առանցքը կազմեց եղբայրութիւնը, պարզութիւնն ու ուրախութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ անոնց ուղղած խօսքին մէջ հաստատեց թէ «անոնց ուժը կը կայանայ իրենց ուրախութեան մէջ», զգուշացնելով զանոնք «կրօնական թթուածութենէն» որ յառաջ կու գայ մենք մեր մէջ փակուելէ ու պատճառ կը դառնայ տխրութեան – ըսաւ Ան -  նշելով որ հասարակութեան մաս կազմել կը նշանակէ պատրաստուիլ՝ մշտատեւ ապաշխարութեան, որովհետեւ այդ մէկն է որ կը տանի հեզութեան։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ներկաները Քրիստոսը վկայելու խոնարհութեամբ եւ աղքատութեամբ, ինչպէս կը քարոզէր Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը  ոչ միայն խօսքով այլ յատկապէս վկայութեամբ արժանանալով նաեւ անհաւատներու յարգանքին։

«Այս ըրէք առանց մոռնալու որ սատանան միշտ պատրաստ է թակարդներ լարելու, յատկապէս «դրամի» հրապոյրը օգտագործելով» ըսաւ ապա Քահանայապետը յանձնարարելով միշտ հաւատարիմ մնալ աղքատութեան ուխտին։ Ան ապա զգուշացուց «աշխարհականութեան հոգիէն», որ՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, վնաս կը հասցնէ համայն եկեղեցւոյ ու մատնանշեց նաեւ «կղերապաշտութեան» վտանգին որ «ծառաները կ՛ուզէ վերածել տէրերու», հրաւիրելով մշտապէս փնտռելու ծառայութեան հոգին ու միաբանութեան «Կանոնը» ապրիլ պարզութեամբ եւ եղբայրական հաղորդութեան մէջ,  հայցելով Սուրբ Հոգիին շնորհքները։

Քահանայապետը խօսեցաւ նաեւ ողորմութեան մասին յիշեցնելով որ Աստուած երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ ու ասկէ մեկնելով յորդորեց ապրիլ կարեկցութիւնը ու արտասուելու կարողութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ Եւրոպական ցամաքամասին ու անոր ապրած տագնապներուն, դիտել տալով որ ան եւս կարիքը ունի աւետարանութեան, շեշտը դնելով յատկապէս երիտասարդներուն վրայ, «որոնք յաճախ հրապուրուած են Ֆրանչիսկեան հոգեւորականութենէն ու իրենց սիրտը կը բանան ուրախութեան եւ պարզութեան շնորհապարգեւներուն, որոնց օրինակն է Սուրբ Ֆրանչիսկոսը»։

Մարքէ շրջանի Քափուչիններու միաբանութեան մեծաւոր՝ եղբայր Սերճօ Լորենցինի Քահանայապետին ուղղած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր  Մարքէ շրջանին տուած երկու այցելութիւններուն համար,  ու յատկապէս Քամերինոյին,  որ թիրախ եղած էր Իտալիան հարուածող ահեղ երկրաշարժին։ Ան ապա Քահանայապետին ներկայացուց մի քանի նուէրներ ու Սրբազան Հայրը իր կարգին ներկաներուն նուիրեց հոգեւոր գիրգեր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2019, 09:09