1570185156339.JPG

Ամազոնիայի սինոդի նախօրեակին Ս. Ֆրանչիսկոսի նուիրուած աղօթք ու ծառատունկ Վատիկանի մէջ։

Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցան խորհրդածութիւններ, երգեր ու աղօթքներ նուիրուած բնապահպանութեան:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 4 հոկտեմբեր 2019-ին, Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ծիսական տօնին առթիւ Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, որուն  մասնակցեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ի ներկայութեան Ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդները ներկայացնող մէկ պատուիրակութեան։

Վերոնշեալ արարողութիւնը կը յատկանշէ անցեալ  մէկ սեպտեմբերին սկիզբ առած «արարչութեան ժամանակաշրջանի» աւարտը,  որ այս տարի առաջին անգամն ըլլալով պաշտօնապէս հռչակուած էր  Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։

Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցան խորհրդածութիւններ, երգեր ու աղօթքներ նուիրուած բնապահպանութեան։ Հուսկ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչները իրենց երկիրներէն բերած  հողէ տոպրակներ զետեղեցին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ, ուր ապա Ասսիզիէն բերուած կաղնիի ծառ մը տնկուեցաւ՝ որպէս  համապարփակ բնապահպանութեան երեւելի նշան։

Արարողութիւնը աւարտեցաւ Նորին Սրբութեան «Հայր Մեր» աղօթքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2019, 13:12