Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

Ֆրանչիսկոս Պապին սիւնհոդոսական հայրերուն ուղղուած եզրափակիչ պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը սպաներէն լեզուով սրտաբուխ պատգամ մը ուղղեց ներկաներուն, գոհունակութիւն յայտնելով այս երեք շաբաթներու ընթացքին կատարուած աշխատանքին համար ու կոչ ուղղելով Ամազոնեան տարածաշրջան ուղղուած առաքելական նոր սլացքի մը համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 26 հոկտեմբերի երեկոյեան, Ամազոնեան տարածաշրջանին յատկացուած եպիսկոպոսական յատուկ սիւնհոդոսի աշխատանքային եզրափակիչ նիստի աւարտին, որուն ընթացքին սիւնհոդոսական 184 հայրերը քուէարկեցին Սիւնհոդոսի Եզրափակիչ փաստաթուղթի 121 յօդուածները, Նորին Սրբութիւնը սպաներէն լեզուով  սրտաբուխ պատգամ մը ուղղեց ներկաներուն, գոհունակութիւն յայտնելով այս երեք շաբաթներու ընթացքին կատարուած աշխատանքին համար ու կոչ ուղղելով առաքելական նոր սլացքի, որ ուղղուած ըլլայ Ամազոնեան տարածաշրջան։ Ան ապա հաստատեց թէ դարձեալ պիտի ստեղծէ յանձնախումբ մը որ զբաղի կիներու սարկաւագութեան հարցով, ու յոյս յայտնեց որ մինչեւ տարուայ աւարտին ի լոյս ընծայէ յետ սիւնհոդոսական յորդիրագիրը։

Քահանայապետը մաթանք յայտնեց որ երիտասարդ քահանաները ու նաեւ անոնք որոնք կը ծառայեն դիւանագիտական մարզէն ներս, առ նուազն մէկ տարի անցնեն «միսիոներական» շրջանի մը մէջ,  ոչ թէ «առաքելական պալատին» այլ տեղական եպիսկոպոսի ծառայութեան տակ։

Երկարաշունչ միջամտութեան մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկեց թէ յառաջիկայ սիւնհոդոսը կարող է որպէս նիւթ ունենալ նոյնինքն «սիւնհոդոսականութիւնը», որ է քալել միասին, ինչպէս կատարուեցաւ այս երեք շաբաթներու ընթացքին։

Ֆրանիսկոս Պապ հուսկ իր զեկոյցը կեդրոնացուց չորս չափանիշերու վրայ՝ մշակութային, բնապահպանական, ընկերայինն ու հովուական, այս վերջինը համարելով  «հիմնականը որ իր մէջ կը ներփակէ նախորդները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Խօսելով մշակութային չափանիշի մասին Քահանայապետը գոհունակութիւն արտայայտեց ի  տես Եկեղեցւոյ աւանդութեան՝ մշակոյթի փոխանցումի ուղղութեամբ տարած աշխատանքին։ Անդրադառնալով ապա բնապահպանական չափանիշին Ֆրանչիսկոս Պապ նախ մեծարեց Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք՝ Բարթողոմէոսը, «որ եղաւ բնապահպանութեան նկատմամբ ուշադրութեան իրազեկման առաջատարներէն մին», ըսաւ Ան դատապարտելով Ամազոնեան տարածաշրջանին մէջ ու աշխարհի այլ վայրերուն մէջ  կատարուած չարաշահումները։ Մատնանշելով հուսկ ընկերային չափանիշին Սրբազան Պապը ի յայտ դրաւ որ Սիւնհոդոսը կը դատապարտէ Ամազոնի մէջ ոչ միայն արարչութեան շահագործումը,  այլ նաեւ մարդկանց դէմ մղուած բոլոր չարաշահումները ու ամէն տեսակ անարդարութիւն, որոնց շարքին է նաեւ մշակութային ինքնութեան կործանումը։

Հովուական չափանիշը որ կը ներառէ ամէն ինչ եւ որ հիմնական է,  կը հայի Աւետարանի քարոզութեան ու այդ աւետարանը հասկնալի ու մատչելի դարձնելու զայն ունկնդրողներուն։ Այս ծիրէն ներս Քահանայապետը ակնարկեց սիւնհոդոսական փաստաթուղթէն ի յայտ եկած նոր եկեղեցական կարգերու պահանջին, որոնց շարքին է նաեւ «կիներու սարկաւագութեան» հարցը, կոչումներու ու քահանաներու աւելի հաւասար բաշխումը, ինչպէս նաեւ «նոր աշխարհ» այսինքն ափրիկէէն ու Ասիական ցամաքամասէն Միացեալ Նահանգներ ու Եւրոպա մեկնող նորընծաներուն ու երիտասարդ քահանաներուն իրենց թեմերը վերադարձը։

Քահանայապետը շեշտը դրաւ նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ կիներու դերակատարութեան հարցին վրայ  ինչպէս նաեւ Ամաոզնիաի մէջ տեղի ունեցող ծէսերու վրայ որոնք կը կատարուին այնտեղ գործող 23 եկեղեցիներուն մէջ։ Ան ապա այս ուղղութեամբ առաջարկեց որ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի խթանման բաժանմունքը ունենայ Ամազոնիային յատկացուած յատուկ գրասենեակ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներուն յանձնարարելով որ իրենց ուշադրութիւնը չի կեդրոնացնեն յաղթողի ու պարտուողի վրայ այլ դիտելու սիւնհոդոսի արդիւնքներուն ամբողջականութիւնը։ «Ոչ մէկը պարտուեցաւ բոլորս ալ յաղթեցինք» ըսաւ Քահանայապետը ու Կաթողիկէ հասարակութեան ընտրանիներուն թելադրեց չի նայիլ փոքր բաներուն մոռնալով մեծը։

Անոնք ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Շարլ Փեկիի մէկ խօսքը «Անոնք քաջութիւնը չուին յանձնառու ըլլալու մարդուն ու անոր կեանքին լուծումներու ընտրանքին մէջ, վստահ են թէ կը պայքարին Աստուծոյ համար։ Եւ որովհետեւ չեն սիրեր եւ ոչ մէկը կը մտածեն թէ Աստուած կը սիրեն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2019, 10:30