Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Յիսուս – Մարիամ» միաբանութեան  ընդհանուր ժողովին մասնակիցները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Յիսուս – Մարիամ» միաբանութեան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Յիսուս – Մարիամ» միաբանութեան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները։

Սրբազան Պապ. «հարկաւոր է ուշադիր ըլլալ ուրիշին կարիքներուն, Մարիամի նման, ու մենք մեզ դնենք ուղեւորութեան մէջշ բոլորին փոխանցելով Աստուծոյ համայն սէրն ու բարութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 5 հոկտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի «Քոնչիսթորօ» դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Յիսուս – Մարիամ» միաբանութեան  ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն ու հանդիպումի ընթացքին անոնց ուղղեց իր պատգամը ակնարկելով միաբանութեան հիմնադիր՝ Սրբուհի Քլաուտինա Թեվենէին, որ 200 տարիներ առաջ սկիզբ տուած էր միաբանութեան առաքելութեան «ի նպաստ աղքատութեան մէջ ապրող փոքրիկներուն», ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ այդ առաքելութիւնը այսօր ծաւալած է ու կը գործէ չորս ցամաքամասերու 28 երկիներու մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Ակնարկելով միաբանութեան ընդհանուր Ժողովին համար ընտրուած նիւթին որ ներշնչուած է Ղուկաս Աւետարանիչի Սուրբ Կոյս Մարիամին Եղիսաբեթին տուած այցելութեան դրուագէն, Սրբազան Պապը հաստատեց թէ «հարկաւոր է միշտ ուշադիր ըլլալ ուրիշին կարիքներուն, Մարիամի նման, ու պէտք է միշտ մենք մեզ դնենք ուղեւորութեան մէջ՝ ուրախութեամբ եւ յոյսով, որպէսզի բոլորին փոխանցենք Աստուծոյ համայն սէրն ու բարութիւնը» եւ ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը մատնանշեց երեք ուղիներու՝ «շարունակելու համար ընթանալ դէպի յառաջ». Վկայել Աստուծոյ ողորմած բարութիւնը, Անոր անսահման սէրը, ու ցոյց տալ այն Աստուածը որ միշտ պատրաստ է ներելու։

Երկրորդ ապրիլ եղբայրութեան ու բաժնեկցութեան կեանք մը։ Հասարակութեան մէջ պէտք է ապրիլ աւետարանական հարազատ յարաբերութիւններ ապա բացուիլ երիտասարդներուն ու մեր կենցաղով վկայութիւն մատուցել անոնց, «որպէսզի այդ վկայութեամբ անոնք հասկնան թէ մենք ունիք բան մը որ աշխարհը կարող չէ նուիրել՝ Քրիստոսի հետեւելու ուրախութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը ու մատնանշեց երրորդ ուղիին՝ զատորոշում կատարել եւ երթալ աւելի անդին, միսիոներական սլացքով եւ եղբայրսիրութեան արարքներով։  

«Հարկաւոր է նայիլ դուռէն անդին, ներշնչում քաղելով Սուրբ Հոգիէն, թարմացնելու համար առաքելութիւնը որպէսզի ան կարող ըլլայ համապատասխանելու մեր ժամանակուայ պահանջներուն, որ կարիքը ունի աւետարանութեան ու առաքելութեան նոր միջոցներու, «որոնք պէտք է կատարուին որպէս միսիոներական միակ մարմին եւ ոչ առանձնապէս» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով միաբանութեան բոլոր անդամներուն,  աշխարհի ու եկեղեցւոյ մէջ անոնց կատարած բարիքներուն համար, եւ անոնց վրայ հայցելէ ետք Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին Սրբազան Պապը հրաժեշտ առաւ ներկաներէն խնդրելով  որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2019, 12:19