Որոնել

Սրբադասման արարողութիւն Սրբադասման արարողութիւն 

Քահանայապետին արտասանած քարոզը Սուրբ Պետրոսի մէջ նախագահած սրբադասման արարողութեան։

Տէրը արդարեւ մեզ կ՛ազատագրէ այն պահուն երբ Անոր կը դիմենք, երբ դուրս կու գանք մեր փակումներէն։ Վստահութեամբ բացագանչենք Յիսուսին անունը՝ ամէն օր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Հանդիսաւոր Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին սուրբ հռչակեց հինգ երանելիներ. Կարդինալ Հէնրի Նիումէն՝ ճշմարտութեան առաքեալը, Մայր Մարիամ Թրեզա Մանիտիեան՝ ընտանիքներու առաքեալ, Սուրբ Քամիլլոյի դուստրեր միաբանութեան հիմնադիր՝ Ճուզեփփինա Վաննինի, Երանելի Տուլչէ Լոփեէս Փոնթես եւ  Մարկերիթա Պէյս՝ առօրեայ կեանքի Սրբուհին:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց Ղուկասի աւետարանէն քաղուած օրուան աւետարանը ուր կը խօսուի տասը բորոտներու բուժումի մասին։

Աւետարանիչը կը գրէ. Երբ ինք Երուսաղէմ կ՚երթար՝ Սամարիայի եւ Գալիլեայի մէջտեղէն անցաւ:  Ու երբ գիւղ մը պիտի մտնէր՝ տասը բորոտ մարդիկ հանդիպեցան անոր: Անոնք հեռուն կայնեցան,  իրենց ձայները բարձրացուցին եւ ըսին. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ՜ մեզի»: Տեսնելով՝ ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, ցո՛յց տուէք դուք ձեզ քահանաներուն»: Երբ կ՚երթային՝ մաքրուեցան: Անոնցմէ մէկը, երբ տեսաւ թէ բժշկուեցաւ, վերադարձաւ եւ բարձրաձայն Աստուած կը փառաբանէր, ու երեսի վրայ անոր ոտքը իյնալով՝ շնորհակալ կ՚ըլլար անկէ. եւ ինք Սամարացի էր: Յիսուս ըսաւ. «Միթէ տա՛սն ալ չմաքրուեցա՞ն. իսկ ո՞ւր են միւս ինը: Այս օտարազգիէն զատ չգտնուեցա՞ն ուրիշներ՝ որ վերադառնալով փառաբանէին Աստուած»: Եւ ըսաւ անոր. «Կանգնէ՛ ու գնա՛. հաւատքդ բժշկեց քեզ»:

Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ Յիսուսին «Գնա հաւատքդ քեզ փրկեց» խօսքին վրայ հաստատելով որ այդ մէկը այսօրուայ աւետարանի ժամանման կէտն է, որ մեզի ցոյց կու տայ հաւատքի ուղեւորութիւնը որ սկիզբ կ՛ առնէ «աղերսով», որով բորոտները Յիսուսէն կը խնդրեն որ ողորմի իրենց։ Անոնք կ՛ապրէին «ընկերային բացառութեան» իրավիճակ մը, մեկուսացուած եւ անտեսուած։ «Ասոր համար  հեռուէն կը դիմեն Յիսուսին շրջանցելով մարդկային բացառութիւնը ու դիմելով Աստուծոյ՝ որ ոչ մէկը կը բացառէ», ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով որ «մենք եւս այսօր այդ բորոտներու նման, կարիքը ունինք բուժումի։ Տէրը արդարեւ մեզ կ՛ազատագրէ այն պահուն երբ Անոր կը դիմենք, երբ դուրս կու գանք մեր փակումներէն։ Վստահութեամբ բացագանչենք Յիսուսին անունը՝ ամէն օր։ Անիկա աղօթք է եւ աղօթքը հաւատքի դուռն է, ան սրտին թեղն է», յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով աւետարանական հատուածի երկրորդ բանալի բառին՝ «ընթացքի մէջ ըլլալ» ։ Բորոտները բուժուեցան երբ ընթացքի մէջ էին, երբ «կ՛երթային մաքրուեցան» կը գրէ աւետարանիչը։ «Արդարեւ կեանքի ուղեւորութեան մէջ է որ կը մաքրուինք, ուղեւորութիւն որ ընդհանրապէս վերելք է եւ հաւատքը կարիքը ունի ուղեւորութեան։ Ան կ՛աճի անձնուիրումի մէջ ու կը ծաւալի երբ հեզութեան շօշափելի քայլեր կը կատարենք, այնպէս ինչպէս ըրին բորոտները» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով այլ մէկ  հետաքրքրական երեւոյթին, այն է «միասին քալելը»։

«Հաւատքը միասին քալել է» ըսաւ Սրբազան Հայրը, թէեւ երբ անոնք բժշկուեցան միայն մէկը վերադարձաւ Յիսուսին մօտ, անոր շնորհակալութիւն յայտնելու համար եւ Յիսուս հարց տուաւ  «Միթէ տա՛սն ալ չմաքրուեցա՞ն. իսկ ո՞ւր են միւս ինը»: 

Յիսուս կարծես այդ միակ բորոտէն հաշիւ կը պահանջէ միւս ինը բորոտներուն համար։ Շիտակ է մեր պարտականութիւնն  է «հաղորդութիւն» կատարել, այսինքն գոհութիւն մատուցել Տիրոջ ու մեր պարտականութիւնն է հոգ տանիլ անոր որ կանգ կ՛առնէ, անոր որ ճամբան կորսնցուց, մենք հեռաւոր մեր եղբայրներուն պահապաններն ենք ու անոնց բարեխօսները ու եթէ կ՛ուզենք հաւատքի մէջ աճիլ հարկաւոր է հոգ տանիլ անոնց, ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց ուղեւորութեան վերջին հանգրուանին «գնա՛. հաւատքդ բժշկեց քեզ» խօսքին, հաստատելով որ այս մէկը մեզի ցոյց կու տայ թէ ժամանումին կէտը առողջութիւնը չէ՝ այլ Յիսուսին հետ հանդիպումը։  Որովհետեւ միայն Ան է որ մեզ կ՛ազատէ չարէն ու կը բժշկէ մեր սիրտը, միայն Անոր հետ հանդիպումն է որ կը փրկէ մեզ ու մեր կեանքը կը դարձնէ լիակատար եւ գեղեցիկ։

Ու երբ Յիսուսին կը հանդիպինք  ինքնաբուխ կը ծնի նաեւ երախտապարտութիւնը, որովհետեւ կը հասկնանք կեանքի ամենակարեւոր բանը՝ որ միայն շնորհք մը ընդունիլը չէ այլ ողջագուրել կեանքին Տէրը։

Ու երբ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ան կը յուզուի ու մեր վրայ կը զեղու Սուրբ Հոգին։ Շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ հաւատքի հարց է. Ու երախտապարտ սիրտ մը միշտ երիտասարդ կը մնայ հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց «գոհաբանել Տէրը նոր Սուրբերուն համար, որոնք քալեցին հաւատքի մէջ»։

«Անոնցմէ երեքը մայրապետներ են որոնք մեզի ցոյց կու տան թէ կրօնական  կեանքը սիրոյ ուղեւորութիւն մըն է  աշխարհի արուարձաններուն մէջ» ըսաւ Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակելով հրաւիրեց հայցել Տիրոջմէ որ  մթագնած աշխարհին մէջ ըլլանք բարի լոյսեր։ «Յիսուս մեզ հետ մնացիր ու մենք պիտի փայլինք ինչպէս Դուն կը փայլիս, դառնալով ուրիշներուն համար լոյսեր» Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2019, 11:10