«Լիբանանը թող ըլլայ խաղաղ համակեցութեան վայր». Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը։

Քահանայապետը խրախուսեց բոլորը «երկխօսութեան ուղիով որոնելու արդար լուծումներ»
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 հոկտեմբեր 2019-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ուզեց յատուկ ակնարկ ուղղել «սիրելի Լիբանանցի ժողովուրդին», ու յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք ըսաւ Ան, անցեալ օրերուն իրենց աղաղակը լսելի դարձուցին, ի տես երկրին դիմագրաւած ընկերային ու տնտեսական հարցերուն»։

Քահանայապետը խրախուսեց բոլորը «երկխօսութեան ուղիով որոնելու արդար լուծումներ» եւ աղօթք բարձրացուց Սուրբ Կոյսին՝ Լիբանանու Տիրամօր, որպէսզի «միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ, այդ երկիրը շարունակէ ըլլալ վայր խաղաղ համակեցութեան ու իւրաքանչիւր անհատի ազատութեան եւ արժանապատուութեան յարգանքին, ի նպաստ արեւելքի համայն տարածաշրջանին, որ մեծապէս կը տառապի» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2019, 12:30