Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 27 հոկտեմբերի Մարեմեան աղօթքը:

Սուրբ Կոյս Մարիամին որ Նազարէթի իր աղքատիկ տան մէջ հոգ տարաւ Յիսուսին, կը յանձնենք մեր հասարակաց տան ամենաաղքատ զաւակները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօր առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած պատարագը փակումը եղաւ Համա ամազոնեան տարածաշրջանի եպիսկոպոսական յատուկ սիւնհոդոսին։ Սուրբ Զոհի ընթացքին կատարուած սուրբ գրային ընթերցումները մեզի յիշեցուցին սիւնհոդոսի մեկնակէտը որ է «աղքատին աղերսը որ կը յաղթահարէ ամպերը, որովհետեւ Աստուած մտիկ կ՛ընէ հարստահարուածի աղօթքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ՝ կիրակի 27 հոկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած աւանդական Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը։

Ունկնդրէ լուրը

“Աղքատներուն ճիչը երկրի ճիչին հետ միասին մեզի հասաւ Ամազոնեայէն։”

«Աղքատներուն ճիչը երկրի ճիչին հետ միասին մեզի հասաւ Ամազոնեայէն»։ Եւ այս երեք շաբաթներէ ետք չենք կրնար մենք մեզ անտարբեր ձեւացնել ու այնպէս ընել որ չի լսեցինք այդ աղաղակը» ըսաւ ապա  Քահանայապետը դիտել տալով որ չենք կրնար անտարբեր մնալ ու թէ պէտք է գործի լուծուիլ նախ քան որ ուշ ըլլայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց ապա «Սինոդ» բառը, որ, ըսաւ Ան, կը նշանակէ քալել միասին։ Մենք քալեցինք նայելով մէկը միւսին աչքին մէջ եւ ունկնդրելով մէկը միւսը, անկեղծութեամբ ու առանց թաքնացնելու դժուարութիւնները, փորձարկելով միասին յառաջ ընթանալու գեղեցկութիւնը, ի սպաս ծառայութեան։

Ասոր մէջ մեզ կը խրախուսէ Պօղոս առաքեալը  որ գիտակից ըլլալով հանդերձ թէ հասած է ժամը ու թէ պիտի լքէ այս աշխարհը կը գրէ. «Տէրը ինծի մօտիկ եղաւ եւ ինծի ուժ պարգեւեց, որպէսզի ես կարողանայի աւարտին հասցնել Աւետարանի քարոզութիւնը, ու բոլոր մարդիկը զայն ունկնդրէին»։ Այս է ահա Պօղոս առաքեալի վերջին փափաքը որ վերապահուած չէ իրեն անձին, այլ Աւետարանին, որպէսզի ան հռչակուի բոլոր մարդկանց։

«Սիւնհոդոսի ընթացքին մենք ալ հարց տուինք. «Ես ի՞նչ կրնամ ընել Աւետարանին ուղեւորութեան համար ու զգացինք կարիքը, մաքսաւորի նման, մենք մեզ դնելու Աստուծոյ առջեւ, ու զինք ընտրելու որպէս կեդրոն, ըլլայ անձնական, ըլլայ եկեղեցական գետնի վրայ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել  տալով որ « Յիսուսը ապրելու համար, ապրելու համար Աւետարանը. պէտք է դուրս գանք մենք մեզմէ։

«Մենք մեզ խրախուսուած զգացինք բացերը երթալու, մեր ետին թողելու ապահով նաւահանգիստները ու մղուելու խոր ջուրերը, ոչ թէ գաղափարախօսութիւններու պղտոր ջուրեր, այլ բաց ծովուն մէջ, ուր Սուրբ Հոգին մեզ կը հրաւիրէ նետելու ուռկանները։

Բացերը երթալ կը նշանակէ պատասխանել Սուրբ Հոգւոյն կոչին՝ մենք մեզմէ դուրս գալու, որպէսզի փայլ տանք Աւետարանին ու անոր ապրելաոճին որ աղքատ է արմատականութեամբ, միսիոներական է հովուական գետնի վրայ ու սիւնհոդսական է հաղորդութեան մէջ։

Գալիք ուղեւորութեան համար հայցենք Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին որ սիրուած ու մեծարուած է որղէս Ամազոնիայի Թագուհի։

«Անոր որ Նազարէթի իր աղքատիկ տան մէջ հոգ տարաւ Յիսուսին, կը յանձնենք մեր հասարակաց տան ամենաաղքատ զաւակները։ Ան յոյսի կին՝ թող բարեխօս ըլլայ,  որպէսզի մեր վրայ զեղու Սուրբ Հոգին ու անոր քաղցր ստեղծագործութեամբ նոր բաներ կատարուին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

“«Շարունակենք աղօթել Վարդարանը խաղաղութեան համար”

Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ու խօսքին մէջ յիշեց թէ այս կիրակի միսիոներական ամսուայ վերջին կիրակին է որ այս տարի ստանձնած էր նաեւ արտակարգ իրավիճակ։ Հոկտեմբերը նաեւ Սուրբ Վարդարանի ամիսն է ըսաւ Սրբազան Պապը նորոգելով հրաւէրը աղօթելու  Վարդարանը՝ այսօրուայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար ու յատկապէս այն միսիոնարներուն  համար որոնք կը դիմագրաւեն մեծ դժուարութիւններ։

«Շարունակենք նաեւ աղօթել Վարդարանը խաղաղութեան համար» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ «Աւետարանն ու խաղաղութիւնը կը քալեն միասին»։

Ան ապա հրաժեշտ առաւ բոլոր ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2019, 12:14