Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը ի նպաստ Սուրիոյ եւ Էքուատորի:

Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց պատշաճ լուծումներ որոնելու Սուրիոյ տագնապին եւ Էքուատորի մէջ ծագած լարուածութիւններուն համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 Հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած Սրբադասման Սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը՝ նախ քան  նոյն վայրէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը խօսքը ուղղելով հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն ու սրբադասման արարողութեան մասնակցող պաշտօնական պատուիրակութիւններուն, որոնց շարքին էին Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթթարելլա եւ Ուելսի արքայազն Շառլզը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ անոնց ներկայութեան համար, ու շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ արարողութեան հետեւող բոլոր հաւատացեալներուն։ 

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Լեհաստանի հաւատացեալներուն «ուր այսօր կը նշեն Քահանայապետին Օրը» ըսաւ Ան, անոնց եւս յայտնելով շնորհակալութիւն անոնց աղօթքներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ նշեց թէ իր մտածումը տակաւին կ՛երթայ դէպի Միջին Արեւելք ու յատկապէս սիրուած եւ մարտիրոս Սուրիոյ,  որտեղէն դարձեալ ողբերգական լուրեր կը հասնին, երկրի հիւսիս արեւելեան շրջանին մէջ ապրող բնակչութեան ճակատագրի մասին, որոնք ստիպուած են թողուլ իրենց տուները զինուորական արարքներու պատճառաւ։ Այդ բնակիչներուն մէջ կան նաեւ քրիստոնեայ ընտանիքներ։

Հարցին մէջ  ներգրաւուած բոլոր դերակատարներուն եւ միջազգային հասարակութեան կը նորոգեմ կոչս, բարեհաճեցէք  անկեղծութեամբ, դափանցիկ խղճմտութեամբ  յանձնառու ըլլալ երկխօսութեան ճանապարհին վրայ՝ արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց որ Համա Ամազոնեան տարածաշրջանի Սիւնհոդոսական Եպիսկոպոսներու բոլոր հայրերուն հետ միասին ու յատկապէս Էքուատորի եպիսկոպոսներուն հետ, մտահոգութեամբ կը հետեւիմ այդ երկրի անցուդարձներուն։

«Էքուատորը կը յանձնեմ միասնական աղօթքին ու նոր Սուրբերու բարեխօսութեան ու կը միանամ զոհերու եւ վիրաւորներու ցաւին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը քաջալերելով կողմերը փնտռելու ընկերային խաղաղութիւնը, յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով դիւրաբեկութեան մէջ ապրող բնակչութեան ու մարդկային իրաւունքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2019, 11:58