Որոնել

Քահանայապետին հովուական այցը Ալպանօ թեմին։ Քահանայապետին հովուական այցը Ալպանօ թեմին։  

Քահանայապետին հովուական այցը Ալպանօ թեմին։

Ալպանոյի Թեմն ու Քաղաքապետարանը այցելութեան առթիւ Քահանայապետին կը նուիրեն Քահանայապետը պատկերացնող «ՄՈԻՐԱԼԷ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 21 սեպտեմբեր 2019-ին, կէսօրէն ետք 4.30ին Սրբազան Քահանայապետը ինքնաշարժով կը փոխադրուի Հռոմէն 24 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հռոմի Մարզի պատկան Ալպանօ քաղաք, ուր կը ժամանէ 17.15 անց եւ կը դիմաւորուի Ալպանօ թեմի Եպիսկոպոս գերապայծառ Մարչելլլօ Սեմերարոյի, Ալպանոյի քաղաքապետ Նիքոլա Մարինիի ու Ալպանոյի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերապայծառ Ատրիանօ Ճիպելլինիի կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Ալպանոյի քաղաքապետը ողջունելով Քահանայապետը Անոր ցոյց կու տայ այցելութեան առթիւ Քահանայապետին համար պատրաստուած յատուկ նուէր՝ Քահանայապետը պատկերացնող «ՄՈԻՐԱԼԷ», փողոցի մեծ պատի մը վրայ գծագրուած գծագրութիւն մը, որ գործն է իտալացի յայտնի «ՄաուՓալ»  ծածկանունով «street artist»,  գծագրիչ ՝  Մաուլօ Փալլոթայի։

Գծագրութեան  բնաբանն է “Exemplum Omnibus” այսինքն  «բոլորին օրինակ» ուր Քահանայապետը նկարագրուած է որպէս բանուոր մը, որ երկինքը կը մաքրէ մարդուն յառաջացուցած ապականութիւնէն, որպէս պատգամ՝ հոգ տանելու հասարակաց տան ու խնամք տանելու մեր շրջապատին։

Գծագրիչը ներշնչում քաղած է Քահանայապետին բնապահպանութեան նուիրած «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական»էն, որ է նաեւ յառաջիկայ օրերուն Վատիկանի մէջ գումարուելիք Ամազոնեան տարածաշրջանին յատկացուած Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի կեդրոնական նիւթը։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն հովուական այցելութեան ծիրէն ներս  Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է նախ յատուկ աղօթք Թեմին՝  քահանաներուն ու Թեմին մէջ ծառայող աշխարհական հաւատացեալներուն հետ միասին, որուն իր մասնակցութիւնը  կը բերէ նաեւ Հռոմի թեմին տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինի, հուսկ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ Սուրբ Պատարագ ՝ մասնակցութեամբ Ալպանօ թեմին բնակչութեան ու հաւատացեալներուն։

Արարողութեան աւարտին Ալպանօ թեմին եպիսկոպոսին Քահանայապետին ուղղած ողջոյնի խօսքէն ետք  Ֆրանչիսկոս Պապ  վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Ալպանոյի Թեմին ու Քաղաքապետարանի նուէրը Ֆրանչիսկոս Պապին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2019, 09:57