1568792248717.JPG

«Աստուած կը խօսի եւ կը յայտնուի ժամանակներուն ընթացքին» Ֆրանչիսկոս Պապին 18 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութիւնը։

«Թող չի պատահի որ Աստուծոյ դէմ մարտնչիք» (Գործք առաքելոց 5, 39)։ Իմաստուն Գամաղիէլի առաջարկած զատորոշումի չափանիշերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Շարունակելով Առաքեալներու Գործեր գիրքի մասին խորհրդածութիւնները, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ  թէ ինչպէս  Քրիստոսի անունով քարոզելու Հրեաներու  դրած արգելքին , Պետրոսն ու առաքեալները քաջութեամբ պատասխանեցին՝ թէ «չեն կրնար հնազանդիլ անոնց որոնք կը ձգտին կանգնեցնել աշխարհի մէջ Աւետարանին ուղեւորութիւնը»։

«Տասներկուքը այդպիսով ցոյց տուին թէ՝ իրենք ունին «հաւատքի հնազանդութիւնը», որովհետեւ Պենտեկոստէէն ասդին անոնք այլեւս միայնակ անձեր չեն,  իրենց հետ է Սուրբ Հոգին ու այդ ուժով զօրացած անոնք վախ չունին ոչ մէկէ ու յառաջ կ՛ընթանան իրենց Յարուցեալի վկայութեան մէջ» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «Աւետարանի խօսքը կարելի չէ շղթայեցնել եւ ոչ ալ լռութեան մատնել»։

«Առաքեալները Սուրբ Հոգւոյն բարձրախօսներէն են, որոնք Յարուցեալի կողմէ ուղարկուած են, առանց տատամսումի հռչակելու փրկութեան Խօսքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, նկատել տալով որ անոնց վճռակամութիւնը խախտել տուաւ այդ ժամանակուայ հրէական կրօնական համակարգը, որ սպառնալիքի տակ զգալով ինքզինք, զանոնք  պաշտպանեց բռնութեան արարքներով ու մահապատիժով։

Ատեանին մէջ սակայն  Փարիսեցի մը ոտքի կ՛ելլէ, որուն անունը Գամաղիէլ էր, օրինաց վարդապետ մը, բոլոր ժողովուրդին առջեւ պատուաւոր մէկը։ Ան Խօսք առնելով  հրաման կու տայ առաքեալները քիչ մը դուրս հանեն. ապա կ՛ըսէ. «Ո՜վ Իսրայէլացի մարդիկ, զգուշացէ՛ք այս մարդոց հանդէպ ձեր ընելիքէն…։ Հիմա ձեզի կ’ըսեմ, այդ մարդոցմէ մէկդի՛ կեցէք ու թո՛ղ տուէք զանոնք, վասն զի եթէ այդ խորհուրդը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քակուի,  իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար ատիկա քակել, չըլլայ թէ Աստուծոյ դէմ մարտնչիք»…

Այս ընելով Գամաղիէլ իր եղբայրակիցներուն  կ՛առաջարկէ զատորոշումի  չափանիշերը, հասկնալով որ Քրիստոսի հետեւորդները տարբեր են որեւէ այլ աղանդի հետեւողներէն ու ի յայտ դնելով մարգարէական իմաստութիւն մը, որովհետեւ կը զգուշացնէ շուրջինները չ՛իյնալու «շտապութեան» փորձութեան մէջ եւ սորվելու սպասել ժամանակներու գործընթացքի խթանումը,  «որովհետեւ Աստուած կը խօսի եւ կը յայտնուի ժամանակներուն ընթացքին», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, նշելով որ Գամաղիէլի խօսքերը կը հրաւիրեն ծառը ճանչնալ անոր պտուղներէն ու անոնք կը դպչին սրտին եւ ասոր համար Ատեանի միւս անդամները հետեւեցան Գամաղիէլի խօսքերուն։

«Գամաղիէլի զատորոշումը թանկագին արուեստ մըն է մեզի համար եւս՝ երկրորդ հազարամեայի եկեղեցական հասարակութեան», ըսաւ Սրբազան Պապը, որովհետեւ Ան մեզ կը հրաւիրէ հեռատեսութեան, իրադարձութիւններու նկատմամբ հայեցողական նայուածքի, շտապ դատումներ չի տալու ու ժամանակի հոլովոյթին ընկալելու գործընթացի մը ուժականութիւնը, նկատի առնելով որ լաւ հաւատացեալ մը ժամանակի ընթացքին է որ պտուղ կու տայ։  Ան մեզ կը հրաւիրէ հասկանալու որ զատորոշումը արուեստ մըն է, որ Աստուծոյ զաւակներուս կը սորվեցնէ պատմութեան մէջ տեսնել Հօր Աստուծոյ ներկայութեան հետքերը։

Հայցենք Սուր Հոգիէն որ ներգործէ մեր մէջ, որպէսզի ըլլայ անհատական, ըլլայ հասարակական գետնի վրայ, կարողանանք ձեռք բերել զատորոշումի ունակութիւնը։ Անորմէ հայցենք կարողութիւնը փրկագործութեան պատմութեան մէջ  տեսնելու միշտ միութիւնը, Աստուծոյ թողած հետքերուն ու մեր մօտիկ եղած անձերու դիմագիծերուն շնորհիւ, որպէսզի նաեւ սորվինք որ ժամանակը եւ մարդկային դիմագիծերը կենդանի Աստուծոյ պատգամաւորներն են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2019, 09:45