1568187437257.JPG

Հրապարակային ունկնդրութիւնը Ափրիկէի ճամբորդութեան մասին. «Յոյսի եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւնը»

Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութեան ճառը կեդրոնացուց վերջին առաքելական ճամբորդութեան վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 11 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն առթիւ արտասանած ճառը կեդրոնացուց երէկ աւարտած առաքելական միջազգային ճամբորդութեան վրայ, որ 4էն 10 սեպտեմբեր ընդգրկեց Մոզամբիկը, Մատակասկարը եւ Մաուրիցիուսի կղզին։

Ունկնդրէ լուրը

«Գոհաբանութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ որ ինծի առիթ տուաւ կատարելու այդ ճանապարհորդութիւնը, որպէս խաղաղութեան եւ յոյսի ուխտազանց» ըսաւ Քահանայապետը, նորոգելով իր շնորհակալութիւնը երեք երկիրներու Պետական իշխանութիւններուն ու եպիսկոպոսներուն իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար։

«Աշխարհի յոյսը Քրիստոսն է ու անոր Աւետարանը՝ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան, ազատութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան  ամենազօրեղ թթխմորն է»  յարեց Սրբազան Քահանայապետը նշելով որ իր այդ ճամբորդութեամբ, աւետարանող սուրբերու հետքերուն վրայ, ջանաց  Մոզամբիկի, Մատակասկարի եւ Մաուրիցիուսի ժողովուրդներուն տանիլ այդ թթխմորը։

Մոզամբիկ

«Քահանայապետը խօսեցաւ ապա Մոզամբիկի ճամբորդութեան մասին «ուր գացի սերմանելու յոյսի, խաղաղութեան եւ հաշտութեան սերմերը, ըսաւ Ան, հողի մը վրայ որ մեծապէս տառապեցաւ մօտ անցեալին, զինեալ հակամարտութիւններու պատճառաւ, եւ որ անցեալ գարնան թիրախ դարձաւ երկու զօրեղ մրրիկներու որոնք մեծ վնասներ պատճառեցին երկրին» ըսաւ Քահանայապետը ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սանդ Էճիտիոյի հասարակութեան որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Մոզամբիկի խաղաղութեան գործընթացի ուղիով։

Սրբազան Պապը ապա հաստատեց թէ «եկեղեցին կը շարունակէ թիկունք կանգնել խաղաղութեան գործընթացին ու այդ ծիրէն ներս դիտել տուաւ թէ ինք երկրի իշխանութիւններուն յորդորեց՝ գործելու ի նպաստ հասարակաց բարիքին, մինչ զանազան կրօններու պատկան  երիտասարդները քաջալերեց՝  կառուցելու երկիրը, յաղթահարելով անձկութիւնն ու յուսալքումը ու տարածելով ընկերային բարեկամութիւնը, հիմնուելով տարեցներու աւանդութիւններուն վրայ։

«Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու նուիրեալ անձերուն, առաջարկեցի Նազարէթի ճամբան, այսինքն Մարիամի «Այո»ի վեհանձն ճամբան» յարեց Սրբազան Պապը, ակնարկելով ապա Զիմբեթօ հիւանդանոցին տուած այցելութեան, հուսկ Մոզամբիկի եզրափակիչ պատարագին՝ «ուր հնչեցին Սիրեցէք ձեր թշնամիները» Յիսուսին խօսքերը, որոնք սերմ են իսկական յեղափոխութեան՝ սիրոյ յեղափոխութիւնը, որ կը դադրեցնէ բռնութիւնը ու կը յառաջացնէ եղբայրութիւն»։

Մատակասկար

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Մատակասկարի ճամբորդութեան։ «Գեղեցկութիւններով ու բնական կենսամիջոցներով հարուստ երկիր՝ սակայն յատկանշուած աղքատութեամբ» յարեց Քահանայապետը ու մաղթանք յայտնեց որ զօրակցութեան հոգիէն մղուած, Մալկաշ ժողովուրդը կարողանայ յաղթահարել հակառակութիւնները ու կառուցել զարգացումի ապագայ մը՝ իրար զօդելով բնութեան նկատմամբ յարգանքը ու ընկերային արդարութիւնը։

«Այդ ուղղութեամբ որպէս մարգարէական նշան այցելեցի Քամասոայի բարեկամութեան քաղաքը, հիմնուած միսիոնար Հայր Օփեքայի կողմէ, եւ ոգեւորուած Աւետարանի խօսքերով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, աւեցնելով որ այնտեղ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած բոլոր աշխատաւորներու դիտաւորութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Փակեալ Մայրապետներու հետ ունեցած հանդիպումին, ինչպէս նաեւ երկրի եպիսկոպոսներուն ուղղած պատգամին, որով, ըսաւ ան, «վերանորոգեցինք մեր ուխտը ըլլալու խաղաղութեան եւ յոյսի սերմանողներ, հոգ տանելով Աստուծոյ ժողովուրդին ու յատկապէս աղքատներուն ու քահանաներուն։ Ի վերջոյ Սրբազան Պապը ակնարկեց Մատակասկարի մէջ երիտասարդներու աղօթքի հսկումին, «ուր քաջալերեցի երիտասարդները միշտ ուղեւորութեան մէջ գտնուելու եւ վեհանձնօրէն պատասխանելու Աստուծոյ կոչին, վստահ ըլլալով որ ան կենդանի է ու միշտ մեր հետն է»։

Մաուրիցիուս

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Մատակասկարի մէջ մատուցած սուրբ պատարագին ու տեղական կղերին հետ ունեցած հանդիպումին, ինչպէս նաեւ ճամբորդութեան վերջին օրուան՝ որ յատկացուած էր Մաուրիցիուսի հանրապետութեան, որ, ըսաւ Քահանայապետը, զբօսաշրջութեան վայր է ու վայր նաեւ տարբեր ցեղերու եւ մշակոյթներու ընդելուզման։

«Սուրբ Կոյս Մարիամ Խաղաղութեան Թագուհի համալիրին մէջ սուրբ պատարագը մատուցուեցաւ Երանելի Ժագ Տեզիրէ Լավալի ծիսական յիշատակին եւ օրուայ Աւետարանը կը խօսէր Երանութիւններու մասին, որ Քրիստոսի աշակերտներու անցագիրն է» յարեց Սրբազան Պապը հուսկ ակնարկեց Երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումին ու անոնց գնահատելի յանձնառումին՝ տարբերութիւնները ներդաշնակելու միասնական ծրագիրի մը մէջ։

«Զանոնք քաջալերեցի յառաջ տանելու հիւրընկալութեան կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կեանքի զարգացումը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով թէ «ամէն մէկ ճամբորդութենէն առաջ ու ետք ես կ՛այցելեմ Տիրամայրը՝ Սալուս Փոփուլի Ռոմանին, որպէսզի Ան ըլլայ այդ ճամբորդութեան պահապանը ու ներշնչէ խօսքերս ու գործերս։ Տիրամօր հետ միասին ես վստահութեամբ կ՛ընթանամ»յարեց Քահանայապետը ու ճառը աւարտեց բոլոր հաւատացեալները հրաւիրելով Փառք տալ Աստուծոյ ու Անորմէ խնդրել որ այդ ճամբորդութեան ընթացքին սերմանուած սերմերը առատ պտուղները պարգեւեն՝ Մոզամբիկի, Մատակասկարի եւ Մաուրիցիուսի ժողովուրդներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2019, 09:46