Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Մենք եւս նայելով երէկուայ եւ այսօրուայ մարտիրոսներուն սորվինք ապրիլ լիութեամբ կեանք մը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Այսօրուայ եկեղեցին հարուստ է մարտիրոսներով, ան ջրուած է անոնց արեամբ որ նոր քրիստոնեաներու սերմ է»

 Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութեամբ լեցուած մարդ մըն էր, մեծ սքանչելիքներ եւ նշաններ կ՚ ընէր ժողովուրդին մէջ: Ոմանք սակայն, այն ժողովարանէն՝ որ կը կոչուէր Ազատագրուածներուն…կանգնեցան եւ կը վիճաբանէին Ստեփանոսի հետ.բայց կարող չէին դիմադրել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր… Բոլոր ատեանին մէջ բազմողները երբ ակնապիշ նայեցան անոր, անոր երեսը տեսան՝ հրեշտակի երեսի պէս: Առաքեալներու գործեր (6, 8-10.15).

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 25 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, որոնց ուղղած իր պատգամին մէջ Ան շարունակելով խորհրդածել «գործք առաքելոց» գիրքի մասին ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, Առաքեալներու Գործեր գիրգին միջոցաւ, շարունակենք հետեւիլ աշխարհի մէջ Աւետարանի ճանապարհորդութեան։

Սուրբ Ղուկաս, իրապաշտ կերպով, ցոյց կու տայ այդ ճանապարհորդութեան պտղաբերութիւնը ու նաեւ քրիստոնեայ հասարակութեան ներքոյ մի քանի հարցերու  ծագումը, յատկապէս  հայող զանազանութիւններու ներդաշնակութեան՝ այդ հասարակութեան ներքոյ ապրող տարբերութիւններուն միջեւ։

Հասարակութիւնը կը հիւրընկալէր ոչ միայն Հրեաները այլեւ Յոյները, մարդիկ որոնք եկած էին սփիւռքէն, իրենց իւրայատուկ մշակոյթով եւ զգացումով։ Այդ համակեցութիւնը յառաջացուց դիւրաբեկ հաւասարակշռութիւն ու դժուարութիւններու դիմաց ի յայտ եկաւ «չարախօսութիւնը»։ Այս հարցին ի տես առաքեալները դիմեցին զատորոշումի, միասնաբար որոնելու հարցերու լուծում մը, ու ելքի դուրը գտան, զանազան պարտականութիւնները բաժնելով իրենց միջեւ,  ի միտ ունենալով իրենց առաջնահերթ կոչումը՝ այն է քարոզել Աստուծոյ Խօսքը։

 Ասոր համար անոնք կը կազմեն եօթը հոգինոց խորհուրդ մը՝ «Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուած մարդոցմով, որոնք ապա լուծուեցան աշխատանքին, ամէն մին իր պարտականութեան համաձայն, ներդաշնակութիւն ստեղծելով  Խօսքի եւ Բարեսիրական ծառայութեան միջեւ։

Այդ ներդաշնակութիւնը կը ներկայացնէ թթխմորը որ աճեցնել կու տայ եկեղեցական մարմինը ու Սուրբ Ղուկաս կը հաստատէ թէ «Աստուծոյ խօսքը կ՚աճեր, աշակերտներուն թիւը չափազանց կը շատնար Երուսաղէմի մէջ, ու քահանաներէն մեծ բազմութիւն մը կը հնազանդէր նոր հաւատքին»:

Այդ եօթը «սարկաւագներու» մէջ յատուկէն կը նշմարուին Ստեփանոսն ու Փիլիպպոսը.

«Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութեամբ լեցուած մարդ մըն էր, մեծ սքանչելիքներ եւ նշաններ կ՚ընէր ժողովուրդին մէջ: Բայց ոմանք, կը հակառակին անոր, սակայն  կարող չըլլալով դիմադրել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր, կը դիմեն չարախօսութեան ու սուտ վկայութիւններուն»։  

Այդ սատանայական ժանտախտը որ ծնունդ կ՛առնէ մարդ կործանելու կամքէն վնաս կը հասցնէ բոլոր եկեղեցական կառոյցին ու Ստեփանոս սուտ վկայութիւններու հիման վրայ կը տարուի ատեան ուր Ան, առ ի պաշտպանութիւն, ատեանին մէջ բազմողներուն կը ներկայացնէ Աբրահամի կոչումի եւ ուխտի պատմութիւնը, եւ դատապարտով «վարմունքը որ վերապահուած էր մարգարէներուն ու նոյնինքն Քրիստոսի», Ան կ՛ըսէ «Մարգարէներէն ո՞րը չհալածեցին ձեր հայրերը, ու չսպանեցին անոնք՝ որ նախապէս ծանուցանեցին այն Արդարին գալուստը: Անոր մատնիչները եւ սպաննողները եղաք հիմա» (Առաքեալներու գործեր 7,52)։

Ստեփանոսի այդ խօսքերը բռնարար արձագանք յառաջացուց իր ունկնդիրներուն  մէջ, որոնք Ստեփանոսը կը դատապարտեն քարկոծութեան։ Եւ այնտեղ է որ ի յայտ կու գայ Ստեփանոսի «Յիսուսի աշակերտի» իսկական յատկութիւնը։ Ան չի խուսափիր այդ ամբոխէն ու համայն կեանքը կը դնէ Տիրոջ ձեռքերուն մէջ  ըսելով . «Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ՛ իմ հոգիս» ապա կ՛աղաղակէ. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի՛ սեպեր ատոնց»: Ասիկա ըսելով՝ կը ննջէ»:

Ստեփանոսի այդ խօսքերը մեզի կը սորվեցնեն որ գեղեցիկ խօսքերը չեն որ ի յայտ կը դնեն մեր Աստուծոյ զաւակներու ինքնութիւնը։ Ան կը յայտնուի Հօր Աստուծոյ ձեռքերուն յանձնելով մեր կեանքը ու ներելով անոնք որոնք մեզ կը վիրաւորեն։

Ստեփանոսը նախավկան է, մարդը որ ազատութեամբ վախ չունի կեանքը կորսնցնելու ու վկայելու սէրը Աստուծոյ հանդէպ, մինչեւ վերջ։

«Այսօրուայ եկեղեցին հարուստ է մարտիրոսներով, ան ջրուած է անոնց արեամբ որ նոր քրիստոնեաներու սերմ է» ըսաւ Քահանայապետը ապա հրաւիրեց Տիրոջմէ հայցել որ «մենք եւս նայելով երեկուայ եւ այսօրուայ մարտիրոսներուն սորվինք ապրիլ լիութեամբ կեանք մը, ընկալելով Աւետարանի առօրեայ հաւատարմութեան մարտիրոսութիւնը՝ համակերպելով Քրիստոսի» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2019, 09:40