Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցելութիւնը «Նոր Հորիզոններ» հասարակութեան:

Կեդրոնին մէջ հիւրընակալուած են դժուար պայմաններու մէջ գտնուող երիտասարդներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին, առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը անակնկալ եւ նախապէս չյայտարարուած այցելութիւն կատարեց, Իտալիոյ ֆրոզինոնէ մարզին մէջ գտնուող «Նոր Հորիզոններ» անուան կեդրոնը՝ ուր կեանքի դժուար պայմաններու հետեւանքով հիւրընկալուած եւ քրիստոնէական կրթութիւն կը ստանան բազմաթիւ երիտասարդներ:

Ունկնդրէ լուրը

«Նոր Հորիզոններ» անուան  հասարակութիւնը հիմնած է Իտալացի Լրագրողուհի եւ անուանի գրագէտ Տիկին Քիարա Ամիրանդէ:

Ան երիտասարդներու կրթական կեդրոն մը հիմնելու գաղափարը յղացած է, այն ժամանակ երբ՝ տարիներ առաջ շրջագայելով Հռոմ մայրաքաղաքի երկաթուղային կայարանի մօտակայքը, ականատես եղած է յուսալքուած , կեանքէն յուսախաբ եւ անտէր բազմաթիւ երիտասարդներու իրավիճակին:  

Տիկին Քլարա, առաջին երիտասարդներուն կեդրոնը բացած  է  1994-ին՝ Հռոմի Թրիկորիա շրջանին մէջ:  

Մինչ՝ երկրորդ հասարակութիւնը հիմնած է Իտալիոյ Ֆրոզինոնէ մարզի Փիլիօ անուան քաղաքին մէջ կոչելով զայն «նոր հորիզոններ» հասարակութիւն ուր ֆրանչիոկոս Պապ անակնկալ այցելութիւն կատարեց այսօր՝ 24 սեպտեմբերին:

Կարճ ժամանակամիջոցին մէջ Լրագրողուհիին հիմնած հասարակութիւնները վերածուեցան իսկական սիրոյ բոյներու, հիւրընկալութեան եւ զօրակցութեան ամրոցներու:

Արդարեւ՝  յիշեալ կեդրոններուն մէջ հիւրընկալուած երիտասարդները, կեդրոնին մէջ  ջամբուած կրթական դասընթացքները աւարտելէ ետք, իրենց կարգին օգնութեան կը հասնին այլ երիտասարդներուն՝ ձեռնարկելով զօրակցական նոր ծրագիրներ:

Յիշենք, որ անցեալ 8 յունիսին, վերոնշեալ հասարակութեան հիմնադրութեան 25 ամեակի առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ  պատակերափռուած պատագմով մը շնորհաւորեց ու քաջալերեց  հասարակութեան բոլոր անդամերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2019, 12:43