Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը ՄԱԿ-ի կենսոլորտի մասին գումարած վեհաժողովի մասնակիցներուն:

Պարկեշտութեամբ, քաջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ գործել:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 23 սեպտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց ՄԱԿ-ի կլիմայի մասին գումարած 2019 տարեշրջանին վեհաժողովի մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար, Անթոնիօ Կութերեսին, սոյն վեհաժողովը կազմակերպելու համար, նկատել տալով որ կլիմայի փոփոխութեան հարցը, դիմագրաւելիք կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մին է եւ այս պատճառաւ մարդկութիւնը կանչուած է մշակելու երեք մեծ բարոյական որակներ, պարկեշտութիւն պատասխանատուութիւնն եւ քաջութիւն:

Ան ապա յիշելով 12 դեկտեմբերին, Փարիզի մէջ կնքուած համաձայնագիրը, նշեց թէ միջազգային ընտանիքը այդ համաձայնագիրով, իրազեկ դարձաւ որ պէտք է հրատապ օրէն պատասխան տալ ՝ հասարակաց տան կառուցման ի խնդիր, աւելցնելով թէ չորս տարի ետք այդ համաձայնագիրէն պետութիւններուն կողմէ ստանձնած յանձնառութիւնները տակաւին հեռու են նպատակներուն հետապնդման համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց խթանել մարդկային համապարփակ զարգացումը՝ երիտասարդներուն երաշխաւորուելու համար աւելի լաւ կեանք դիտել տալով, որ ապագան անոնց է եւ ոչ թէ մերը: Ան խրախուսեց պարկեշտութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ քաջութեամբ մտածել աւելի առողջ, աւելի մարդկային, ընկերային եւ զարգացումի ձեւեր որ կարող է տնտեսականութիւնը զետեղել մարդկային անհատին ծառայութեան ի սպաս՝ խաղաղութեան կերտման եւ կենսոլորտի պաշտպանութեան ի խնդիր:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ որ կլիմայի փոփոխութեան հարցը կապուած է նաեւ բարոյական հարցերուն ՝ հաւասարութիւն եւ ընկերային արդարութիւնը:

Ան նշեց, որ ներկայի  անկումի մէջ գտնուող կենսոլորտի իրավիճակը կապուած է մարդկային անկումին՝ բարոյական ընկերային անկումին, եւ այս մէկը մեզ կը ստիպէ մտածելու. սպառողական եւ արտադրողական նոր տիպարներուն իմաստին մասին,  մտածելու դաստիարակչական գործընթացներուն մասին, զանոնք  համահունչ դարձնելու համար մարդկային արժանապատուութեան : ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Պապ ապա եզրափակեց պատկերասփռուած պատգամը յայտնելով որ իրեն համար հաճելի  պիտի ըլլար եթէ պարկեշտութիւն,  քաջութիւն եւ պատասխանատուութիւն երեք բառերը  բանալի դառնան եւ կեդրոնական տեղ գրաւեն վեհաժողովինաշխատաքներէն ներս: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2019, 19:00