Ժագ Շիրաքի յուղարկաւորութեան արարղութեան ընթացքին: Ժագ Շիրաքի յուղարկաւորութեան արարղութեան ընթացքին:  

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Ժագ Շիրաքի մահուան առթիւ:

Նորին Սրբութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց ֆրանսայի նախագահին եւ համայն ժողովուրդին:

Ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին, Ֆրանսայի հանրապետութեան նախկին նախագահ ժագ Շիրաքի մահուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցագիր մը յղեց ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ տիար Էմմանուէլ Մաքրոնին:

Ունկնդրէ լուրը

Ցաւակցագիրին մէջ Նորին սրբութիւնը իր  խորին ցաւակացութիւնները յայտնած է  ֆրանսայի Պետութեան եւ համայան ժողովուրդին, ապահովցնելով իր աղօթքը որպէսզի Տէրը ընդունի հանգուցեալը իր խաղաղութեան մէջ եւ սփոփէ նախագահին մահը ողբացողները, յատուկէն անոր կինն ու ընտանիքը :

Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակացիգրը աւարտած է օրհնելով համայն ֆրանսա երկիրը:   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2019, 09:05