Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Ալպանոյի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ:

Իւրաքանչիւր եկեղեցի ըլլայ այն վայրը, ուր իւրաքանչիւր անհատ կը զգայ, թէ Յիսուս զինք կը յիշէ, զինք կը կանխէ ու իր տան մէջ կը հիւրընկալէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 21 սեպտեմբերին, Հռոմի արուարձանները գտնուող Ալպանօ քաղաքին տուած այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Ալպանոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ, ներկայութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներուն:

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած՝ Ղուկաս աւետարանիչէն ուր կը խօսուի Երիքովի կոյրին մասին, Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց այն իրողութեան վրայ թէ Աստուած մեզ բոլորս կը յիշէ: «Ան երբեք մեզ չմոռնար, մեզ չկորսնցներ՝ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, որոնք մեզ հեռու կը պահեն Աստուծմէ: ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Ան ապա ակնարկելով եկեղեցւոյ օծման տարեդարձին, Սրբազան Հայրը նշեց որ եկեղեցին գոյութիւն ունի ՝ իւրաքանչիւր անձի, անհատին ըսելու համար դուն սիրուած ես եւ քու անոնովդ Յիսւոս քեզ կը կանչէ:

Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրաւ այլ կէտի մը վրայ այն է որ Յիսուս ոչ միայն մեզ կը յիշէ այլեւ մեզ կը կանխէ: Յիսուս նախ Ինքն է որ մեզ կը յիշէ ու կիէ սիրէ: Այն ժամանակ երբ կը բացայայտնենք, որ Յիսուս մեզմէ առաջ կը հասնի, այն ատեն է որ մեր կեանքը կը փոխուի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով Աստուծոյ ողորմածութեան նշեց որ ամէն ապաշխարութիւն, դարձի գալ, կը ծնի ողորմածութենէ, Աստուծոյ քնքշութենէ , որ կը գրաւէ սիրտը:

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ընդգծեց Յիսուսի այլ արարք մը: Յիսուս, մեր տան մէջ զգալ կու տայ
Յիսուս կը փափաքի, որ Իր եկեղեցին բնակարաններուն միջեւ բնակարան դառնայ, հիւրասէր, հիւրընկալ բնակարան ուր իւրաքանչիւր անհատ կրնայ Աստուծոյ հանդիպիլ:

« Թող եկեղեցին ըլլայ այն վայրը ուր ոչ մէկը վերէն դէպի վար կը նայի- : Ոչ մէկը հսկիչն է ուրիշին կեանքին այլ բոլորին բարիքին խթանողը: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապ հրաւիրեց Աստուծմէ հայցել, ոչ մէկուն իբրեւ թշնամի տեսնելու շնորհքը:Ան քարոզը աւարտեց մաղթելով որ իւրաքանչիւր եկեղեցի՝ ըլլայ այն վայրը, ուր իւրաքանչիւր անհատ կը զգայ, թէ Յիսուս զինք կը յիշէ, զինք կը կանխէ ու իր տան մէջ կը հիւրընկալէ՝ ողորմածութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2019, 18:31