Որոնել

«Խաղաղութիւնը սահման չունի»։ «Խաղաղութիւնը սահման չունի»։  

«Աղօթք եւ երկխօսութիւն խաղաղութեան հեռանկարով». Ֆրանչիսկոս Պապը Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան։

«Մենք պէտք է արմատախիլ ընենք բաժանող ու հակառակութիւն յարուցող սահմանները, ապա սրտերուն մէջ սերմանենք խաղաղութեան եւ եղբայրութեան սերմեր»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խաղաղութեան ուխտագնացութիւնը դէպի Մատրիտ վկայութիւնն է «Ասսիզիի հոգիին զօրութեան որ աղօթք է առ Աստուած ու ժողովուրդներու մէջ խաղաղութեան խթանում: …30 տարիներ առաջ կը փլուզուէր Պեռլինի պատը ու վերջ կը գտնէր այդ տարածաշրջանի բաժանումը որ այնքան ցաւ յառաջացուց։ Այսօր 21րդ դարու առաջին երկու տասնեակներուն, նոր պատերազմներ, նոր պատեր եւ նոր պատնէշներ կը վատնեն Աստուծոյ պարգեւը՝ որ խաղաղութիւնն է»։ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերն են ասոնք որոնք հասան Մատրիտ, ուր Սանդ Էճիտիօ հասարակութիւնը Մատրիտի Թեմի համագործակցութեամբ, կազմակերպած է «խաղաղութիւն առանց սահմանի» բնաբանով խաղաղութեան նուիրուած միջազգային հաւատքը, որուն կը մասնակցին կրօններու, մշակոյթի ու պետական իշխանութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ։

Ունկնդրէ լուրը

«Անհրաժեշտ է միշտ աղօթել եւ երկխօսութիւն հաստատել՝ խաղաղութեան հեռանկարով. Պտուղները վերջը կը հասնին» կը գրէ Սրբազան Պապը այդ առթիւ ուղղած իր պատգամին մէջ որ ապա կը հաստատէ թէ «ժողովուրդներու ու աշխարհի բարիքի հեռանկարով, անիմաստ է այսօր փակել տարածքներ, բաժնել ժողովուրդները, ու  մէկը միւսին դէմ լարել, ու կարիքաւորներուն ու անոնց ընտանիքներուն մերժել հիւրընկալութիւնը», որովհետեւ այդպէս ընելով «աշխարհը բաժան բաժան կ՛ընենք, նոյն այն բռնութեամբ որով կը կործանենք բնութիւնը ու հասարակաց տունը, որ կը պահանջէ սէր, խնամք, յարգանք, այնպէս ինչպէս մարդկութիւնը կը հայցէ խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն» կը գրէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին մէջ դիտել տալով որ՝ «հասարակաց տունը կարիքը ունի բաց դռներու», որպէսզի կարողանայ հաղորդակցիլ ու հանդիպիլ, ապա հաստատեց որ «խաղաղութիւնը առանց սահմանի է եւ առանց  բացառութիւններու»։

«Խաղաղութեան համար աղօթքը այս ժամանակահատուածին որ յատկանշուած է բազմաթիւ հակամարտութիւններով եւ բռնութիւններով, ձեզ անգամ մը եւս կը միացնէ, տարբերութիւններէ անդին, աւելի եղբայրական աշխարհի մը միասնական յանձնառումին մէջ» կը գրէ ապա Սրբազան Պապը, մատնանշելով նաեւ անցեալ 4 փետրուարին Ապու Տապիի մէջ Ալ Ազհարի աւագ Իմամինն հետ ստորագրած «Մարդկային եղբայրութեան  փաստաթուղթին, ի նպաստ աշխարհի խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան» զայն նկատելով կարեւոր քայլ մը դէպի համաշխարհային խաղաղութիւն եւ առանցք  Մատրիտի  խաղաղութեան հաւաքին, որովհետեւ կը նշէ Քահանայապետը, կրօնները երբեք պատերազմ չեն հրահրեր,  ատելութեան, հակառակութեան, ծայրայեղութեան զգացումներ չեն գրգռեր, եւ ոչ ալ բռնութիւն ու արիւնահոսութիւն կ՛արծարծեն»։

«Աշխարհը կ՛ապրի ծանր պահ մը» կը գրէ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի աւարտին դիտել տալով թէ այդ մէկը կը խնդրէ որ բոլորը միանան ու միասնաբար բացագանչեն որ «խաղաղութիւնը սահման չունի»։

«Մենք պէտք է արմատախիլ ընենք բաժանող ու հակառակութիւն յարուցող սահմանները, ապա սրտերուն մէջ սերմանենք խաղաղութեան եւ եղբայրութեան սերմեր» յորդոր կ՛ուղղէ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2019, 18:30