Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Իտալիոյ մէջ հիմնուած միսիոներական հաստատութիւններուն հետ:

Միսիոնարը պէտք ունի Աւետարանի ուրախութեան եւ առանց ասոր Աւետարանումը հմայիչ ըլլալէ կը դադրի:

Երկուշաբթի, 30 սեպտեմբերին, կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ մէջ հիմնուած  միսիոներական հաստատութիւններու  անդամները:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքի մէջ Նորին Սրբութիւն սոյն հանդիպումը նախախնամական նկատեց, որովհետեւ տեղի կ՝ունենայ Միսիոներական արտակարգ ամսուան նախօրեակին եւ առիթ է միասնաբար մտածելու յատուկէն միսիոներականութեան մասին եւ ընդհանրապէս Աստուծոյ շնորհքը հայցելու այդ առաքելութեան համար:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց միսիոներական հաստատութիւններուն հիմնադիրներուն, որոնք  9-րդ եւ 10-րդ դարերուն, պատմական տաժանելի ժամանակահատուածին հիմնեցին կրօնական ընտանիքներ՝ քաջութեամբ եւ Տիրոջ հանդէպ լի յոյսով:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ միսիոնարները Աւետարանը քաջութեամբ կ՝ապրին առանց շատ հաշիւներ կատարելու՝ տոգորուած Յիսուսի հանդէպ սէրով եւ յոյսով:

Ան ապա շեշտեց առաքելութեան խորհրդազգածութեան բացայայտումի  կարեւորութիւնը՝  իր ամբողջ հմայիչ գեղեցկութեամբ, որ Է Քրիստոսի հանդէպ սէրը  եւ այս շրջագիծէն  ներս ֆրանչիսկոս Պապ թուեց Սուրբ  Կոյս Մարիամը,    Ան որ Յիսուսը յղանալէն ետք անմիջապէս ետք փութաց Եղիսաբեթին մօտ  եւ հոն այդ ընտանիքին եւ բնակարանին մէջ տարաւ  Յիսուսը, միեւնոյն Յիսուսի տարաւ  Իսրայէլի ժողովուրդին մօտ եւ համայն աշխարհին:    

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց միսիոնարները որպէսզի իրենք եւս Տիրամօր նման երթան ժողովուրդին մօտ՝  առաքելութիւն մը,  որ հիմքն է  միսիոներական միաբնութիւններուն նկատել տալով որ Ժողովուրդներուն առաքելութեան նուիրուածութեամբ միսիոնարները իրենց նպաստը կը բերեն եկեղեցւոյ աւետարանումի յանձնառութեան:

Ան շեշտեց որ միսիոնարը  պէտք ունի աւետարանի  ուրախութեան եւ առանց ասոյր  աւետարանումը հմայիչ ըլլալէ կը դադրի:

Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւորեց թէ Իտալիոյ եւ աշխարհի մէջ այր մարդիկ ու կիներ  պէտք ունին  ականատես ըլլալու այն  անձերուն որոնք իրենց սրտերուն մէջ ունին Յարուցեալին ուրախութիւնը: Վկայութիւն մը որ տեսանելի կը դառնայ երկխօսութեան եւ փոխադարձ սիրոյ մէջ, փոխադարձ հիւրընկալութեան եւ բաժնեցութեան մէջ:

«Իտալական եկեղեցին պէտք ունի միսիոնարներուն, անոնց վկայութեան եւ խանդաղատանքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա եզրափակեց խօսքը մաղթելով որ միսիոներական հաստատութիւնները կարենան միշտ  առ աւելիով համագործակցին տեղական եկեղեցիներուն հետ :

 Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ ետք բոլորին  խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2019, 12:48