Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական կաթողիկէ մամուլի միութեան անդամները:

«Իտալական կաթողիկէ մամուլի միութիւնը , արհեստաւարժական եւ եկեղեցական ընկերակցութիւն մըն է, որ իր ներշնչումը կը գտնէ , անձերուն ծառայութեան ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ աւետարանին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 23 սեպտեմբերին, կէսօրին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» անուան սրահէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Իտալական Կաթողիկէ մամուլի միութիւն»  ընկերակցութեան անդամները՝ ընկերակցութեան հիմնադրութեան 60 ամեակի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով վերոնշեալ ընկերակցութեան,  նշեց թէ  «Իտալական կաթողիկէ մամուլի միութիւնը , արհեստաւարժական եւ եկեղեցական ընկերակցութիւն մըն է,  որ իր ներշնչումը կը գտնէ , անձերուն ծառայութեան  ինչպէս նաեւ  եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ աւետարանին մէջ:

Սրբազան Հայրը  ապա քաջալերեց յառաջ տանելու այդ առաքելութիւնը, ուժ քաղելով հաւատքէն, մարդկութեան պատմութեան հանդէպ սէրէն, հուսկ՝ յորդորեց  դառնալ այն լրագրութեան խիղճի ձայնը որ  կարող է  բարին եւ չարը զանազանել :

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց,  թէ կայ կարիքը ճշմարիտ խօսքերու  հաղորդակցութեան ՝ անթիւ դատարկ խօսքերու ընդմէջ,   շեշտելով որ Լոկ խաղաղ, արդար եւ զօրակցական բառերու օգտագործումի միջոցաւ՝ հաւաստիացած յարատեւող ական վկայութենէ-, կարելի է արդար եւ զօրակցական ընկերութիւն կազմել:

Ան ապա նշեց որ ընկերակցութիւնը  պտղաբեր դառնալու համար պէտք է հեզութեամբ ճանչնալ իր ցամքած արմատները , որոնք չորցած  ժամանակի ընթացքին ՝ արմատներու հետ կապը խզելէ ետք: ըսաւ Ֆրանչիսկոս ապա յիշեց 12 յունիս 2010-ին- Եկեղեցւոյ կողմէ  երանելի հռչակուած  աշխարական առաջին լրագրող Մանուէլ Լոզանօ Կառտիտոն նկատել տալով որ երանելն ապրեցաւ  սպանական քաղաքացիական պատերազմի ժամանակները ՝երբ քրիստոնեայ ըլլայ կը նշանակէր վտանգել կեանքը: Երանելին հակառակ որ հաշմանդամ է  երբեք չդադարեցաւ սիրելէ իր արհեստը սիրելէ ըսաւ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  խօսքը եզրափակեց ապահովուելով իր աղօթքը բոլորին համար,  օրհնեց   բոլորին աշխատանքը որպէսի  պտղաբեր դառնալ հուսկ խնդեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2019, 11:44