Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Padre David de Oliveira Martins» ընկերային կեդրոնի պատանիներուն հետ:

Երբեք թոյլ մի տաք, որ ուրիշները կամ անցեալը ձեր կեանքը որոշեն: Մի վախնաք քնքշութեան յեղափոխութեան ձեր մասնակցութիւնը բերելէ:

Շաբաթ, 28 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պրակայի«  Padre David de Oliveira Martins» ընկերային կեդրոնի պատանիները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք ընկերային կեդրոնի բոլոր պատանիները ու անոնց ընկերացող Հայր Խորխէն, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ,  պատանիներուն նուիրուած կեդրոնին համար որ արդիւնքն է հեզաբարոյ վեհանձն անձերուն նուիրատուութիւններուն,  ընդառաջելով  հայր Տավիտի Մարթինի խնդրանքին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս ընդգծելով որ  Հայր Տաւիտ ոչ մի բան խնդրեց իր անձին համար այլ եղբայրներուն համար որոնք օգնութեան կարիքը ունէին:

Նորին սրբութիւն նշեց թէ  Աստուած հայր Տաւիտին պարգեւեց աղքատներուն, հեզերուն սիրտերուն դպչելու շնորհքը, անոր մէջ յարուցանելով քնքշութեան  յեղափոխութիւնը:

Ապա Յորդորեց    եւ քաջալերեց պատանիները միշտ քրիստոսի հետ գտնուելու  աղօթքի եւ կարիքաւորներուն ծառայութեան միջոցաւ     : Քաջալերեց չվախնալ  քնքշութեան յեղափոխութեան իրենց մասնակցութիւն բերելու դիտել տալով որ Քրիստոսս միշտ մեր կողքին է Ան մեր հետ  կը քալէ  եւ մեզ կ՝ուղեկցի:

Նորին Սրբութիւն քաջալերեց պատանիները,  որպէսզի երբեք թոյլ չտան որ ուրիշը կամ անցեալը իրեն կեանքը որոշէ:  Աշխատեցէք  և ձգտեցէք  հասնելու  համար ձեր բոլոր փափաքներու ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ

Ան խօսքը եզրափակեց իր խօսքը օրհնելով հայրդ դաւիթի ընկերային կեդրոնը:  Ապա ապահովուելով իր աղօթքը բոլորին համար Նորին Սրբութիւնը  խնդրեց  որ աղօթեն իրեն համար: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2019, 11:09