Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Քարմելիթեաններուն հետ: Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Քարմելիթեաններուն հետ: 

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Քարմելիթեաններուն հետ:

Աշխարհիկութիւնը «եկեղեցւոյ ամենէն վտանգաւոր փորձութիւնն է, յատուկէն եկեղեցական մարդոց:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 21 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քարմելիթեան միաբանութեան գումարած տարեկան ընդհանուր ժողովի մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ Քարմելիթեան միաբանութեան ընդհանուր ժողովի գլխաւոր նիւթին. «դուք վկաներն էք: Սերունդէ սերունդ կանչուած քարմելիթեան խարիզմի հաւատարիմները դառնալու»:

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ «Աստուած յատուկ շնորհապարգեւով օրհնեց Քարմելոն՝ հարստացնելու համար եկեղեցին, ինչպէս նաեւ հաղորդելու համար աւետարանի ուրախութիւնը աշխարհին՝ կիսելով այն ինչ, որ ստացաք խանդավառութեամբ եւ վեհանձնութեամբ:»

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց հաւատարմութեան եւ հայեցողական կեանքին, նկատելով  Քարմելիթեան միաբանութեան յատկանիշները:

«Հայեցողական կեանքի ապրումով, դուք կը պատրաստուիք Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայելու:» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց նաեւ աղօթքի կարեւորութեան, ըսելով « պէտք է միշտ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մնալ եւ հեռու մնալ աշխարիկութենէն՝ «եկեղեցւոյ ամենէն վտանգաւոր փորձութիւնէն, յատուկէն եկեղեցական մարդոց: » ըսաւ Սրբազան Հայր մաղթանք յայտնելով որ սոյն ժողովը նախախնամական առիթ հանդիսանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը ստանալու՝ պայքարելու համար աշխարիկութեան փորձութիւններուն դէմ:

Նորին Սրբութիւնը Քարմելիթեան միաբանութեան կղերականները քաջալերեց առաջնորդել անձերը՝ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն մշակելու : «Մեր աշխարհը ծարաւը ունի Աստուծոյ եւ Քարմեիլթեաններուն՝ աղօթքի վարդապետներուն: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ »լռութենէն եւ աղօթքէն պիտի ծնին վերանորոգուած հասարակութիւններ եւ հարազատ կրօնաւորներ: »

Ֆրանչիկսոս Պապ խօսեցաւ նաեւ քնքշութեան եւ կարեկցութեան մասին: նշելով որ «հայեցողական կեանք ապրողը ունի կարեկցող սիրտ: «երբ, որ սէրը կը նսեմանայ ամէն ինչ իր համը կը կորսնցնէ» ըսաւ Ան  դիտել տալով, որ «ժողովուրդի մտահոգութիւններէն եւ ուրախութիւնէն հեռանալով, հայեցողական կեանք կը վերածուի ժամանակաւոր բանի մը»:
Յիսուսի վէրքերը տեսանելի են նաեւ ստորադասուած, արհամարհուած եւ մերկացուած մեր եղբայրներուն մարմիններուն մէջ: Այսօր կարիքը կայ քնքշութեան յեղափոխութեան, որ մեզ աւելի զգայուն կը դարձնէ՝ խաւար գիշերներուն եւ մարդկութեան ողբերգութիւններուն առջեւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն հանդիպումին համար,  ապա Քարմելոյի Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրեց, որ նեցուկ կանգնի եւ պաշտպանէ Քարմելիթեանները ու բոլոր անոնց, որոնք կը գործակցին միաբանութեան հետ»: 
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2019, 12:30