Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սառոյցի վրայ Hockey-ի միջազգային դաշնութեան անդամները:

Մարզանքը, համապարփակ զարգացման ոլորտէն ներս ունի կարեւոր դեր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  սառոյցի վրայ Hockey միջազգային դաշնութեան անդամները:

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը մարզանքը նկատեց յատուկ միջոց մը՝ խաղաղութեան եւ միութեան ի խնդիր  դիտել տալով, որ մարզական գործունէութիւնները  հանդիպումի վայրեր են, ուր միասնաբար կը փութան տարբեր միջավայրերէ ժամանած անձեր:

Ունկնդրէ լուրը

Սառոյցի վրայ hockey-ն,  խմբային խաղ մըն է, ուր իւրաքանչիւր խաղացող ունի կարեւոր դեր մը  կատարելիք: Ան ընդգծեց նաեւ, որ մարզանքը ունի այլ դեր մը՝ համապարփակ զարգացման ոլորտէն ներս եւ այս իսկ պատճառաւ  եկեղեցին կը գնահատէ մարզանքը, որպէս մարդկային գործունէութիւն, ուր կարելի է զարգացնել հեզութեան, քաջութեան, համբերութեան առաքինութիւնները  եւ ուր կարելի է վկայել գեղեցիկ, ճշմարիտ եւ ուրախալի իրողութիւններու հետ հանդիպումը:

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց եւ բարձր արժեւորեց սառոյցի վրայ hockey խաղերու միջազգային դաշնութեան ղեկավարներուն՝  hockey-ի  մարզանքը համաշխարհային գետնի վրայ հասանելի եւ նեռարական դարձնելուն համար:  

Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ, որ դաշնութեան վերջին վաւերացուած  սահմանադրութեան մէջ ներառուած է բարոյական նոր խորհուրդ մը,  նկատել տալով որ երբեմն կարգ մը մարզական ձեռնակները կ՝առաջնորդեն սխալ ճամբաներուն վրայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը քաջալերելով դաշնութեան անդամները յառաջ երթալու՝ մարզանքը ներառական վերածելու իրենց առաքելութեան մէջ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2019, 12:35