Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Էմմանուէլ» հասարակութեան անդամներուն:

Աստուած ինքն է, որ Սէր կը ներշնչէ՝ կարեկցութեամբ , անշահախնդրութեամբ ծառայելու համար մեր եղբայրներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս,  ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Լէչչէ քաղաքի «Էմմանուէլ» անուան հասարակութեան անդամները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը սրբազան Հայրը ներկաներէն խնդրեց, որ իր ողջոյնները փոխանցեն հասարակութեան բոլոր անդամներուն, ապահովուելով իր աղօթքը  բոլոր անոնց որոնք   «երկինք գացած են»:

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց էմմանուէլ հասարակութեան անդամներուն, 40 տարիներուն ընթացքին տածած աշխատանքներու համար՝ հիւրընկալութեան եւ ընկերակցութեան աշխատանքներ՝ որոնք  սնանուած են Աստուծոյ խօսքէն ու եղբայրութենէն ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով որ էմմանուէլ հասարակութիւնը ծնունդ առած  է Յիսուսի ծննդեան տօնին օրը,  եւ  իր հաւատքը կարտայայտէ հաւատքը ծառայութեան մարմնացումով:   

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնելով  թէ էմմանուէլ հասարակութիւնը սկիզբ առած է հիւրընկալութեան ժէսթէ մը նշեց որ միշտ այսպէս կը պատահարի եկեղեցւոյ բարեսիրական գործունէութիւններէն ներս « Տէրը դուռը կը բախէ ունենալով ՝ աղքատութեան, ստրկութեան եւ լքուած վիճակի մէջ ապրող եղբայրներու եւ քոյրերու դիմագիծը: « Դուք  բացիք դուռը, պատասխանեցիք եւ կը շարունակէք պատասխանել: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով որ « այս ծիլէն յառաջ եկան եւ զարգացան հասարակութեան տարբեր բաժանմունքներ- որոնք բոլորը հիւրընկալութեան վայրեր են:

Ֆրանչիսկոս Պապ  գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ հասարակութեան սոյն ուղեւորութեան համար նկատել տալով Աստուած ինքն է  որ,  Իր Հոգիով կը ներշնչէ ընտրանքներ կատարելու եւ ուժը կու տայ զանոնք իրականացնելու:  Աստուած ինքն է  որ Սէր կը ներշնչէ կարեկցութեամբ , անշահախնդրութեամբ ծառայելու մեր եղբայրներուն:   

Ան ապա քաջալերեց հասարակութեան անդամները մնալու Քրիստոսի  եւ դժուարութեան մէջ գտնուող եղբայրներուն հետ: նկատել տալով որ սա  Աստուծոյ ցուցաբերած ուղին է : Աստուած որ սէր է Ան որ մեր հետն է ՝Էմմանուէլը:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով այս այցելութեան համար նկատել տալով նաեւ, որ Իրեն համար միշտ պարգեւ է  երբ կը հանդիպի այն հասարակութիւններուն հետ, որոնց անդամները կը որոնեն ապրիլ աւետարանի ուրախութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2019, 12:47