Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը «Club America» ֆութպոլի

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խնդակցութիւնը յայտնեց նաեւ ի տես մեծ վանդակի օրհնութեան, ուր պիտի պահպանուի իսկական արծիւ մը :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը շնորհաւորական պատգամ մը յղեց  Մեքսիքօ քաղաքի  «Club America» անուան Ֆութպոլի խումբի հիմնադրութեան  103-րդ ամեակի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք թէ club America Ֆութպոլի խումբի  որպէս խորհրդանիշ ունի  արծիւը:

Նշենք նաեւ որ Ֆութպոլի խումբին հիմնադրութեան 103 ամեակի առթիւ կարդինալ Քարլոս , օրհնութիւնը կը կատարէ թռչուններու մեծ վանդակի մը իրական արծիւ մը պահպանելու համար

Պատկերասփռուած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նախ ողջունեց Club America խումբին  հիմնադրութեան  առթիւ կազմակերպուած արարողութիւններուն հանդիսատեսները, ապա  յատուկէն ողջունեց Մեքսիքոյի հանրապետութենէն ներս գտնուող  մարզական բոլոր ակումբները,  իր ուրախութիւնը յայտնելով մարզական ակումբներուն ձեռնարկած  զօրակցական եւ ներառական ծրագիրներուն համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խնդակցութիւնը  յայտնեց նաեւ ի տես մեծ վանդակի օրհնութեան,  ուր պիտի պահպանուի իսկական արծիւ մը , մատնանշելով, որ արծիւը Club America ակումբին զինանշան է , կենդանիներուն տեսակ մը    որ անհետացումի վտանգին ենթարկուած է:

Ան յոյս յայտնեց, որ սոյն ժեսթը օգնէ  կենսաբազմազանութեան եւ  հասարակաց տան հրամայական խնամքի աշխատանքներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա նշեց որ ինք կ՝աղօթէ  նաեւ Մեքսիքոյի միութեան համար, որպէսզի շատ սիրուած Կուատալուփէի Սուրբ կոյս Մարիամ շարունակէ իր վերարկուին  տակ պաշտպանէ Մեքսիքոյի ժողովուրդը  հեռու պահելով  բոլոր չար փորձանքներէն:

Ան պատկերասփռուած պատգամը աւարտեց խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2019, 22:00