Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական պետական երկաթուղիի ընկերութեան ղեկավարներն ու պատասխանատուները:

Երկաթուղին կը նպաստէ թէ ապրանքներուն թէ անձերուն փոխանակումին, ինչպէս նաեւ փորձառութիւններուն, ճանաչումի եւ մշակութային հարստութեան փոխանակումին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 16 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական Պետական երկաթուղիի  ընկերութեան ղեկավարներն ու պատասխանատուները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայր նշեց որ երկաթուղիի փոխադրամիջոցը, երկրի մը համար  էական  է ինչպէս նաեւ  խթան  ընկերային եւ տնտեսական զարգացման, դիտել տալով որ երկաթուղին կը նպաստէ թէ ապրանքներուն եւ անձերուն տեղափոխութեան ինչպէս նաեւ փորձառութիւններուն, ճանաչումի եւ մշակութային հարստութեան փոխանակումին  :   

Ան ապա ակնարկեց երկաթուղիին ընկերութեան պատասխանատուներուն ստանձնած ծանր պատասխանատուութիւններուն յարելով  որ անոնք  կանչուած են  ղեկավարելու եւ կազմակերպելու իրենց պատասխանատուութեան տակ գտնուող գործաւորներուն պարտականութիւնները յորդորելով ղեկավարները, որ  պաշտօնեաները ղեկաւարներուն մէջ գտնեն նուիրուածութեան եւ անշահախնդրութեան տիպարներ, որոնք  կարող են միութիւն կերտել եւ իրենց սրտերուն մէջ կը կրեն անձերուն կարիքներն ու խնդիրները:   

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ ղեկավարներուն յանձնուած խնդիրներն ու հարցերը լուծելու ծանր պատասխանատուութիւններուն,  թուելով աշխատանքի կապուած ապահովութեան հարցերն ու կենսոլորտի առնչուող օրէնքներու յարգումը:   

Ան ապա յիշեց,  որ այս տարի իտալական երկաթուղիին պետական ընկերութիւնը կը տօնախմբէ արագընթաց երկաթուղիի իրականացման 10-րդ ամեակը նկատելով զայն հանրային կարեւոր ծրագիր մը,  որ ամէն  օր հազարաւոր ճամբորդներուն կ՝ընծայէ  քաղաքէ քաղաք արագ ձեւով փոխադրուելու հնարաւորութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ղեկավարները որ երկաթուղիին ընկերութիւնը միշտ առ աւելիով զօրակցական դառնայ՝ըլլայ տնտեսական գետնի վրայ ըլլայ բնապահպանողական տեսանկիւնէն, գնահատելով  այս ծիրէն ներս ղեկավարներուն տածած աշխատանքները:

Ի Վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ղեկավարները,  որ երկաթուղիին ընկերութիւնը նպաստէ ընտանիքներուն օգնելով դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն, տարեցներուն ինչպէս նաեւ հաշմանդամներուն:

Յանձնարարեց նաեւ որ երկաթուղիի ընկերութեան մատուցած  ծառայութեան ծիրէն ներս անպակաս ըլլան ճամփորդներուն միջեւ խտրութիւնները եւ բախտաւորի եւ ոչ բախտաւորի միջեւ նախընտրութիւնները,  բոլորին ընծայելով հաւասար, արժանավայել եւ հանգստաւէտ ճամբորդութեան ծառայութիւն : 

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ղեկավարներուն՝ անոնց   հասարակաց բարիքին ի նպաստ մատուցած ծառայութեան համար, բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները եւ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2019, 12:30