Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց SOMOS – Community Care”, կազմակերպութեան համագումարի մասնակիցները:

SOMOS – Community Care”, կազմակերպութիւնը, բարեսիրական հաստատութիւն մըն է, որ նեցուկ կը կագնի աղքատներուն, հիւանդներուն ու կարիքաւորներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 20 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Նիւ Եորք քաղաքի “SOMOS – Community Care”, կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած «ներգաղթած ընտանիքը ու անոնց առողջապահական կարիքները» վերնագիրով համագումարին մասնակիցները:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքի սկիզբը Սրբազան Հայր անդրադառնալով համագումարին նիւթին, նշեց որ այդ նիւթը իրեն համար յատուկ եւ սրտի դպչող նիւթ մըն է, որ կը հարցաքննէ բոլորին խիղճերը:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը բարձր արժեւորեց վերոնշեալ կազմակերպութեան աղքատներուն եւ ընկերութեան եզրին գտնուող անձերուն նկատմամբ սատարած բարեսիրական գործունէութիւնները, նշելով « այսպէս կատարելով դուք կը տարածէք հանդիպումի մշակոյթը՝ ուր ոչ մէկը մեկուսացուած է եւ ոչ իսկ պիտակաւորուած, ընդհակառակը մշակոյթը մը որուն մէջ բոլորը փնտռուած են, որովհետեւ ամէնք անհրաժեշտ են Տիրոջ դէմքը յայտնաբերելու համար:»

Ֆրանչիսկոս Պապ  գնահատեց նաեւ կազմակերպութեան՝ հիւանդներու ընտանիքներուն ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան եւ վստահութեան համար, կապ հաստատելով անոնց հետ:
Գնահատեց նաեւ կազմակերպութեան անդամներուն հոգածութեան տակ գտնուող անձերուն նկատմամբ ցուցաբերած անձնուիրութեան հոգին, զայն նկատելով քաջալերի կեցուածք՝ ընկերութեան մը մէջ ուր կը տիրէ անհատապաշտութիւն եւ շահագործումի մտայնութիւն եւ ուր կը յառաջանայ անտարբերութեան համաշխարհայնացում:

Նորին սրբութիւնը յորդորեց , որ հիւանդներուն հետ պէտք է վերաբերիլ մարդկային սրտով եւ ոչ «թեքնիկական» դիտել տալով որ մարդկային սրտով մատակարարուած առողջապահական խնամակալութիւնը միշտ կարողութիւն պիտի ունենայ բարիք կատարելու՝ թէ հոգիին եւ թէ մարմնին: 

Ան եզրափակեց խօսքը յորդորելով բարեսիրական հաստատութեան անդամները յարատեւելու իրենց կարեւոր առաքելութեան մէջ մարդկային դիւրաբեկութեան ծառայութեան ի սպաս, յանձնելով բոլորը Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանիին ապա խնդրեց , որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2019, 11:27